Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրովեան Առաջին Ծրագրի Շարունակութիւնը

Լաւրովեան Առաջին Ծրագրի Շարունակութիւնը

by MassisPost

Անցնող մօտ 30 տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման նպատակով կազմուեցան  բազմաթիւ ծրագիրներ: Անոնցմէ գլխաւորներն էին փաթեթային լուծման ծրագիրը, փուլայինը, ընդհանուր պետութեան ծրագիրը, Քի Ուեսթեան բանակցութիւնները, Մատրիտեան սկզբունքները եւ վերջապէս 2015 թուականի Լաւրովեան ծրագիրը, որ կը նախատեսէր Լեռնային Ղարաբաղին յարող 5 շրջաններու վերադարձը Ատրպէյճանին եւ ապա՝ մնացեալ 2 շրջանները: Այս ծրագրով Հայաստանը Արցախին կապող  միջանցք մը կը հաստատուէր, որ պիտի հսկուէր Ռուս խաղաղապահներու կողմէ: Նոյն ծրագրով  Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը կը մնար անորոշ:

44-օրեայ պատերազմին արդիւնքով Լաւրովեան  առաջարկները փաստօրէն դարձան իրականութիւն մէկ կարեւոր տարբերութեամբ որ, Ռուս խաղաղապահները չկարողացան ապահովել միջանցքի անխափան գործունէութիւնը եւ այսօր Արցախի ժողովուրդը 9  ամսուայ շրջափակումէն  ետք, կանգնած է սովամահ դառնալու  վտանգին առջեւ:

Ըստ երեւոյթին Լաւրով այժմ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին ներկայացուցած է իր առաջին ծրագրին մէջ առկախ մնացած հարցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերող առաջարկները: Արցախի նախագահին կից Հակաճգնաժամային Խորհուրդի նախագահ Տիգրան Պետրոսեանը իր ֆէյսպուքեան էջով հրապարակեց փաստաթուղթի մը  նախագիծ՝ զայն ներկայացնելով որպէս Արցախի հարցով Լաւրովի առաջարկ: Փաստաթուղթը վերնագրուած է՝ «Ատրպէյճանական ԽՍՀ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքին հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովման հիմնական սկզբունքներն ու չափորոշիչները՝ Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան համապատասխան»:  Պետրոսեանի համաձայն, Սերկէյ Լաւրով այս իր նոր փաստաթուղթը ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Յուլիսին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ: Առ այժմ, կողմերէն ոչ մէկը հրապարակային կարծիք չէ յայտնած այս փաստաթուղթի կապակցութեամբ, սակայն այն  որ, փաստաթուղթը կը բացայայտուի Արցախի նախագահին մօտ աղբիւրի մը կողմէ կը նշանակէ երկու բան: Կամ այն է որ, Արցախի իշխանութիւնները բացարձակապէս դէմ են Լաւրովի առաջարկներուն եւ այս ձեւով կը փորձեն անուղղակի կերպով յայտնել իրենց անհամաձայնութիւնը եւ կամ ալ կը ձգտին փաստաթուղթին շուրջ հրապարակային քննարկում սկսիլ ու շօշափել ներքին հանրային կարծիքը:

Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի որ,  հայ բնակչութիւնը պէտք է ունենայ հաւասար իրաւական պաշտպանութիւն,  չենթարկուի խտրականութեան՝ ոչ լեզուի, ոչ ազգային, ոչ կրօնական հիմքով, եւ պէտք չէ բռնի կամ ոչ-կամովին տեղահանումի ենթարկուի: Առաջարկներուն մէջ ներառուած է նաեւ այն, որ հայ բնակչութիւնը պէտք է համամասնօրէն ներկայացուած ըլլայ Ատրպէյճանի օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութեան հանրապետական եւ տեղական կառոյցներուն մէջ:

Խօսք կայ նաեւ հայերու շարք մը իրաւունքներու երաշխաւորման մասին, մասնաւորապէս՝ կրօնական ազատութեան, մշակութային եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայերէն կրթութիւն ստանալու, մասնաւոր սեփականութեան անձեռնմխելիութեան: Այստեղ պէտք է ընդգծել «երաշխաւորման» բառը, որուն պէտք  է կցուի նաեւ  երաշխաւորողի անունը: Դժբախտաբար Ռուսաստան չկարողացաւ ապահովել իրեն վստահուած՝ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը եւ վստահութիւն չկայ որ, ինք եւ կամ որեւէ այլ ուժ պիտի կարողանան երաշխաւորել փաստաթուղթին մէջ յիշուած իրաւունքները:

Միջազգային հանրութիւնը քաջատեղեակ է որ, Ատրպէյճանցիները՝ իրենք, եւ յատկապէս այդ երկրի այլ փոքրամասնութիւնները ապրելով բռնապետական ու փտած համակարգի մը տակ, զրկուած են միջազգայնօրէն սահմանուած բոլոր ազատութիւններէն եւ  իրաւունքներէն:

Լաւրովի այս ծրագիրը չի կրնար բաւարարել Արցախցիներու իղձերն ու ազատ ապրելու երազանքները: Նկատի ունենալով ստեղծուած ներկայ իրավիճակը, երբ Ատրպէյճանի արարքները դարձած են ցեղասպանական, կը մնայ լուծման մէկ ձեւ՝ «Անջատում յանուն փրկութեան» միջազգայնօրէն ընդունուած՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment