Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիոյ Եւ Արցախի 41 Քաղաքացիներ Ռուս Խաղաղապահներու Միջնորդութեամբ Տեղափոխուած Են Հայաստան

Ռուսիոյ Եւ Արցախի 41 Քաղաքացիներ Ռուս Խաղաղապահներու Միջնորդութեամբ Տեղափոխուած Են Հայաստան

by MassisPost

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ Օգոստոս 21-ին տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Արցախի 41 քաղաքացիներու տեղափոխութիւն Արցախէն Հայաստան: Այս մասին Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնը հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ կը շեշտուի, որ սա առաջին դէպքն է Յունիս 14-էն ի վեր:

«ՌԴ քաղաքացիները վաղուց կը սպասէին իրենց տեղափոխութեան, իսկ Արցախի քաղաքացիները ուսանողներ են, որոնք ընդունուած են ՀՀ եւ արտասահմանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ: Ըստ խաղաղապահներուն հետ ձեռքբերուած նախնական պայմանաւորուածութեան՝ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի ուսանողներու եւ ռուս քաղաքացիներու տեղափոխութիւնը:

Այնուամենայնիւ, ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խոչընդոտել բազմաթիւ անձերու երկկողմանի տեղաշարժը: Այս պահի դրութեամբ, հարիւրաւոր քաղաքացիներ Հայաստանի մէջ կը սպասեն Արցախ վերադարձին, շտապ եւ ծրագրաւորուած առողջական հիմքերով 333 անձ հերթագրուած է Կարմիր Խաչին միջոցով Հայաստան տեղափոխուելու համար՝ չհաշուած մարդասիրական, աշխատանքային եւ այլ նպատակներով երկկողմանի տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը հազարաւոր անձերու մօտ:

Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ նուաստացուցիչ պայմաններ ստեղծել Հաքարիի կամուրջին մօտ տեղակայուած ապօրինի անցակէտին՝ ի լրումն Արցախի քաղաքացիներու նկատմամբ անօրինական հսկողութեան ու խոչընդոտներու: Մասնաւորապէս, անձերու կամքին հակառակ՝ ատրպէյճանցիները եւ իրենց հրաւիրած լրագրողները հերթական անգամ նկարահանած են անոնց դէմքերը եւ օգտագործած են քարոզչական նպատակներով: Բացի անկէ, ատրպէյճանական կողմը թոյլ չէ տուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ինքնաշարժները անցնին Հաքարիի կամուրջը՝ ստիպելով ուղեւորներուն իրենց բեռներով հանդերձ ոտքով անցնիլ կամուրջը, որմէ յետոյ Գորիսէն ընդառաջ եկած ինքնաշարժներով շարունակած են ճանապարհը (ապացոյցը՝ կից տեսանիւթով)», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը յիշեցուի, որ Յունիս 15-էն առ այսօր Ատրպէյճանը կը շարունակէ արգիլել Հայաստանէն Արցախ բոլոր մարդասիրական բեռներուն տեղաշարժը, ինչի հետեւանքով օրէ օր կը խորանայ մարդասիրական աղէտը Արցախի մէջ: ՀՀ Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր համայնքին մէջ՝ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ, Յուլիս 26-էն կը շարունակէ կասեցուած մնալ Արցախի համար ՀՀ կառավարութեան կողմէ ուղարկուած շուրջ 400 թոն մարդասիրական աջակցութիւնը:

«Ատրպէյճանական ապօրինի անցակէտով քաղաքացիներու անցումը որեւէ կերպ չի փոխեր Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան դիրքորոշումը Լաչինի միջանցքին գործող այդ անցակէտին եւ ատրպէյճանական մնացած խոչընդոտներուն վերաբերեալ: Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը շարունակէ պնդել, որ պէտք է ամբողջութեամբ վերականգնուի անձերու, ինքնաշարժներու եւ բեռներու անխափան ու երկկողմանի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ առանց ատրպէյճանական որեւէ միջամտութեան՝ համաձայն 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2023թ. Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի հրամաններուն», կ’եզրափակուի հաղորդագրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment