Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուաշինկթըն Կը Ձգձգէ Ատրպէյճանին Ռազմական Աջակցութեան Տրամադրումը․ Թեմային Անդրադարձած Է Գոնկրէսական Փալոնը

Ուաշինկթըն Կը Ձգձգէ Ատրպէյճանին Ռազմական Աջակցութեան Տրամադրումը․ Թեմային Անդրադարձած Է Գոնկրէսական Փալոնը

by MassisPost

ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրենք Փալոն կը շարունակէ դէմ արտայայտուիլ Ուաշինկթընի կողմէ Պաքուին ռազմական աջակցութեան տրամադրման՝ հաշուի առնելով Արցախի հայութեան դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները։ Այս մասին Փալոն գրած է X (նախապէս՝ Twitter) ընկերային ցանցով։

«Ես երկար ժամանակ դէմ եղած եմ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութեան տրամադրման, յատկապէս հիմա, երբ Ալիեւ կը շարունակէ խախտել միջազգային իրաւունքը եւ բազմաթիւ ոտնձգութիւններ կատարել Արցախ հայերու իրաւունքներուն դէմ: Մենք պէտք է պահպանենք մեր արժէքները եւ աւելի կոշտ ըլլանք, եթէ յոյս ունինք խաղաղութիւն ապահովել Կովկասի մէջ», գրած է գոնկրէսականը։

Իր գրառման Ֆրենք Փալոնը կցած է «POLITICO» պարբերականին կողմէ օրերս հրապարակուած յօդուածը, որուն մէջ կը նշուի, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ակնյայտօրէն չի շտապեր վերսկսիլ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն մատակարարելու ծրագիրը։ Անոր պատճառ կը նշուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման սպառնալիքը։

2002 թուականէն ի վեր ամէն տարի Գոնկրէսը Սպիտակ տան հնարաւորութիւն տուած է հրաժարիլ 907-րդ բանաձեւի կիրառումէն։ «Ազատութեան աջակցութեան արձանագրութեան» 907-րդ բանաձեւը ուժի մէջ մտած է 1992 թուականին եւ կը նախատեսէ սահմանափակել ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութիւնը, քանի դեռ Պաքուն յստակ քայլեր չէ ձեռնարկած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ շրջափակումներն ու յարձակումները դադրեցնելու ուղղութեամբ։ Ըստ «POLITICO»-ի, Սպիտակ տունը նախապէս 907-րդ բանաձեւէն կը հրաժարէր մինչեւ ամառ, սակայն այս տարի այդ դեռ տեղի չէ ունեցած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment