Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ի՞նչ Փաստաթուղթ Կը Վերագրուի Լաւրովին

Ի՞նչ Փաստաթուղթ Կը Վերագրուի Լաւրովին

by MassisPost

Օրերս Արցախի նախագահին կից Հակաճգնաժամային Խորհուրդի նախագահ Տիգրան Պետրոսեանը իր ֆէյսպուքեան էջով հրապարակեց փաստաթուղթի մը նախագիծ՝ զայն ներկայացնելով որպէս Արցախի հարցով Լաւրովի առաջարկ։ Փաստաթուղթը վերնագրուած է հետեւեալ կերպ՝ «Ատրպէյճանական ԽՍՀ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքին հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովման հիմնական սկզբունքներն ու չափորոշիչները՝ Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան համապատասխան»: Այն կը ներառէ 14 կէտ:

Պետրոսեանի խօսքով՝ Սերկէյ Լաւրով փաստաթուղթը ներակայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու յուլիսեան հանդիպման ժամանակ։

Յուլիս 25-ին Մոսկուայի մէջ կայացած էր Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հերթական եռակողմ հանդիպումը: Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարին հետ երկկողմ հանդիպումէն յետոյ Լաւրով յայտնած էր, որ երկիրներու առաջնորդներու քննարկման համար շարք մը փաստաթուղթեր կը պատրաստուին։ Անոնց բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ, սակայն, չէր ներկայացուցած։

Լաւրովին վերագրուող փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ հայ բնակչութիւնը պէտք է հաւասար իրաւական պաշտպանութիւն ունենայ եւ խտրականութեան չենթարկուի ոչ լեզուի, ոչ ազգային, ոչ կրօնական հիմքով, պէտք չէ բռնի կամ ոչ-կամովին տեղահանուի․

«Տեղական իշխանութեան մարմիններուն եւ զինուած կազմաւորումներուն մէջ մասնակցութեան պատրուակով հետապնդումներու, պատիժի օրէնսդրական արգելք՝ բացառութեամբ դատական կարգով պատերազմական յանցագործութիւններու կատարման մէջ մեղաւոր ճանչցուած անձերու», ըսուած է նախագիծին մէջ։

Առաջարկներուն մէջ ներառուած է նաեւ այն, որ հայ բնակչութիւնը պէտք է համամասնօրէն ներկայացուած ըլլայ Ատրպէյճանի օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութեան հանրապետական եւ տեղական կառոյցներուն, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի դատախազութեան եւ ոստիկանութեան մէջ ու մասնակցի իրեն վերաբերող որոշումներու կայացման:

Խօսք կայ հայերու շարք մը իրաւունքներու երաշխաւորման մասին, մասնաւորապէս՝
-կրօնական ազատութեան,
-մշակութային եւ ազգային ինքնութեան պահպանման,
-ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայերէն կրթութիւն ստանալու,
-մասնաւոր սեփականութեան անձեռնմխելիութեան։

Կ՛ընդգծուի, որ պաշտօնական գրագրութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ «հայ բնակչութեան սեղմ բնակեցմամբ վայրերու մէջ» ճանապարհային նշաններու, ցուցանակներու եւ յայտարարութիւններու տեղադրումը պէտք է իրականացուի հայերէնով։ Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն․

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առանձին համաձայնագրի հիման վրայ ատրպէյճանական ԽՍՀ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան միջեւ մշակութային, կրթական, գիտական, լրատուական, մարզական եւ այլ մարդասիրական սերտ շփումներու ապահովում: Դուրսէն հայ բնակչութեան տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութեան անարգել ստացում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment