Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Առաջին Անգամ Կայացած Են Երեւան-Կապան Եւ Կապան-Երեւան Օդանաւով Թռիչքները

Առաջին Անգամ Կայացած Են Երեւան-Կապան Եւ Կապան-Երեւան Օդանաւով Թռիչքները

by MassisPost

Այսօր առաջին անգամ, ըստ հաստատուած ցուցակի, կայացած են Երեւան-Կապան, Կապան-Երեւան օդանաւով թռիչքները։ Սահմանուած ժամանակին «Զուարթնոց» օդակայանէն մեկնած ինքնաթիռը վայրէջք կատարած է Կապանի «Սիւնիք» օդակայանին մէջ եւ ըստ ժամանակացոյցի Կապանէն մեկնած է Երեւան։

Կապան-Երեւան թռիչքի օդանաւի ուղեւորներուն մէջ էին նաեւ Սիւնիքի մարզպետի տեղակալն ու խորհրդականը։ Այս մասին յայտնած են Սիւնիքի մարզպետարանէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment