Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաքուէ» Նախաձեռնութիւնը Հաւաքած Է Օրէնքով Անհրաժեշտ 50 Հազար Ստորագրութիւններէն Աւելի՝ 58.000

«Հայաքուէ» Նախաձեռնութիւնը Հաւաքած Է Օրէնքով Անհրաժեշտ 50 Հազար Ստորագրութիւններէն Աւելի՝ 58.000

by MassisPost

Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալը քրէականացնելու նպատակով «Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը հաւաքած է օրէնքով անհրաժեշտ 50 հազար ստորագրութիւններէն աւելի՝ 58.000, յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով (ԿԸՅ): Անկէ յետոյ ԿԸՅ-ն մինչեւ մէկ ամիս ունի ստորագրութիւնները վաւերացնելու եւ Ազգային Ժողով ուղարկելու համար, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ «Հայաքուէ»-ի նախաձեռնող խումբի անդամ Մենուա Սողոմոնեանը:

«Մեր հետագայ քայլերը տանելու են նրան, որպէսզի 58 հազար մարդու ստորագրած ցանկութիւնը օրէնքի տեսքով, այսինքն, Քրէական Օրէնսգրքում փոփոխութեան տեսքով մտնի Ազգային Ժողովի նիստերի օրակարգ, եւ այնտեղ տեղի ունենայ քննարկում, եւ ի վերջոյ քուէարկութեամբ օրէնքի մէջ մտնի այդ փոփոխութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անունից Արցախը որեւէ այլ պետութեան կազմում ճանաչելը լինի քրէօրէն պատժելի արարք», նշեց Սողոմոնեան:

«Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը կ’առաջարկէ երկու լրացում կատարել Քրէական Օրէնսգիրքին մէջ եւ 10-15 տարուան ազատազրման պատիժ սահմանել ոչ միայն Հայաստանի անունով Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու կամ անոր նշանակութիւնը նսեմացնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment