Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հասանով Յայտնած Է, Թէ Մեծ Ջանքեր Չեն Պահանջուիր «Ղարաբաղի Մէջ Մնացած Ռազմական Խմբաւորումները Ոչնչացնելու Համար»

Հասանով Յայտնած Է, Թէ Մեծ Ջանքեր Չեն Պահանջուիր «Ղարաբաղի Մէջ Մնացած Ռազմական Խմբաւորումները Ոչնչացնելու Համար»

by MassisPost

«Ատրպէյճանական բանակը պատրաստ է զինաթափելու Ղարաբաղի մէջ մնացած ապօրինի ռազմական խմբաւորումները. անոր համար մեծ ջանքեր չեն պահանջուիր», յայտնած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը:

Յղում ընելով նախագահ Ալիեւին` Հասանով սպառնացած է, թէ որեւէ սադրանք Ատրպէյճանի բանակին դէմ անոնց համար շատ վատ աւարտ պիտի ունենայ, յաւելելով. «Ով կ’ուզէ ընդունիլ Ատրպէյճանի օրէնքները, կրնայ շարունակել ապրիլ Ղարաբաղի մէջ, ով ոչ` ճանապարհը բաց է, թող հեռանայ»:

«Մենք առանձնապէս բարձր չենք գնահատեր անօրինական զինուած կազմաւորումներու կարողութիւնները, որոնք մնացած են Ատրպէյճանի ղարաբաղեան տնտեսական գօտիին մէջ: Մեզի յայտնի է անոնց քանակութիւնը, սպառազինութիւնը, բարոյահոգեբանական վիճակը, գիտենք, թէ ինչի ընդունակ են: Եթէ այդ անօրինական զինուած կազմաւորումները սադրանքներու երթան, անոնց հարցը կրնայ լուծել ատրպէյճանական բանակի ընդամէնը մէկ զօրամիաւորում, այն ալ ոչ-ամբողջական կազմով: Բայց ես յոյսով եմ` բանականութիւնը, այդուամենայնիւ, պիտի յաղթէ, եւ անոնք պիտի հասկնան, որ տարբերակ չունին եւ պէտք է միջազգային օրէնքի շրջանակներուն մէջ ճանչնան Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ճանչնան Ատրպէյճանի օրէնքները», ըսած է ան:

Անցեալ շաբաթավերջին նոյնը նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւը կրկնած էր՝ յաւելելով, թէ Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խստօրէն զինուիլ` ձեռք բերելով նաեւ հեռահար հրթիռներ:

«Անոնք Հայաստանի կողմէ հնարաւոր վտանգներուն հակազդելո՞ւ համար են, թէ՞ խնդիրը պէտք է դիտարկել աւելի լայն», հարցուցած է լրագրողը: Հասանով չէ հերքած, որ հեռահար այդ հրթիռներու թիրախին կրնայ նաեւ Հայաստանը ըլլալ, յաւելելով որ ատրպէյճանական բանակը նաեւ թրքական նոր սերունդի «պայրաքթարներ» ձեռք կը բերէ, ինչպէս նաեւ անոնց համատեղ արտադրութիւն կը սկսի:

«Մենք պէտք է հաշուի առնենք բոլոր վտանգները: Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը միանշանակ խնդիր դրած է զարգացնել բանակը` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար», նշած է ան:

Հասանովը քանի մը անգամ կրկնած է, թէ ատրպէյճանական զինուժը կը զարգանայ արեւմտեան ձեւով` թրքական բանակին հետ սերտ համագործակցութեամբ. «Միայն այս տարի թուրք-ատրպէյճանական 16 համատեղ զօրավարժութիւն նախատեսուած է բոլոր զօրամիաւորումներուն մէջ»:

Եղբայրական Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ ռազմավարական սերտ կապերը մատնանշելէ բացի, զօրավար-գնդապետը խօսած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մասին, պնդելով որ Ուաշինկթընի մէջ եւս հետաքրքրուած են ատրպէյճանական բանակով ու համագործակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment