Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Խաղաղութեան Պայմանագրի Գլխաւոր Հարցերու Շուրջ Կը Շարունակեն Տարաձայնութիւններ Ունենալ

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Խաղաղութեան Պայմանագրի Գլխաւոր Հարցերու Շուրջ Կը Շարունակեն Տարաձայնութիւններ Ունենալ

by MassisPost

Խաղաղութեան նախատեսուող պայմանագրին համար Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը շարունակեն գլխաւոր հարցերու շուրջ տարաձայնութիւններ ունենալ:

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը ասուլիսի ընթացքին՝ անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Յունիս 27-ին նախատեսուող բանակցութիւններէն ակնկալիքներուն:

«Ակնկալում ենք յառաջընթաց: Հայաստանի դիրքորոշումն այն է, որ մենք ուզում ենք ունենալ խաղաղութեան պայմանագրի այնպիսի բնագիր, որը կբխի մեր շահերից եւ հնարաւոր կը լինի ստորագրել: Բնականաբար, գործընթացը բարդ է, կան հարցեր, որոնց շուրջ կան տարաձայնութիւններ: Կան նաեւ հարցեր, որոնց շուրջ արդէն կան համաձայնութիւններ: Բայց գլխաւոր հարցերի շուրջ շարունակում են մնալ տարաձայնութիւններ», ըսաւ Ռուբինեան:

Ակնկալիքը այն է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ եւս քանի մը քայլով մօտեցնել դիրքորոշումները:

Ռուբինեանը չի կարծեր, թէ ապաշրջափակման առումով ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն չկայ: «Ես տպաւորութիւն ունեմ, որ այդ կէտով համաձայնութիւն կայ: Այլ հարց, որ այդ համաձայնութիւնը դեռ չի հաստատուել թղթի վրայ, յուսով եմ, որ կը հաստատուի», ըսաւ ան:

Ազգային Ժողովի փոխնախագահը յաւելեց, որ Հայաստանին պէտք է ունենալ իր շահերէն բխող խաղաղութեան պայմանագիր հնարաւորինս արագ: Հայկական կողմին համար կան ամենասկզբունքային, ամենակարեւոր երեք կէտեր:

«Առաջինը՝ յստակ քարտէզ դնել տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիմքում: Երկրորդը՝ ԼՂ ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հասցէագրումն է, որը կարծում ենք, որ պէտք է տեղի ունենայ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով՝ միջազգային մեխանիզմով: Երրորդը՝ երաշխիքների հիմնարկն է», ըսաւ Ռուբինեան:

Ատրպէյճանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, օրինակ՝ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, խախտուած է: Ազգային Ժողովի փոխնախագահը ընդգծեց, որ այդ յայտարարութեան մէջ դժուար է գտնել կէտ մը, որ Ատրպէյճանը չէ խախտած: Հետեւաբար` շատ կարեւոր է, որ որոշակի միջազգային երաշխիքներ ըլլան, որ այդ պայմանագիրը կեանքի կոչուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment