Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարին Յայտարարութիւնը Ատրպէյճանական Կողմին Վնաս Կու տայ, Այդ Ինքնախաբէութիւն Է. ՀՀ ԱԺ Նախագահ

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարին Յայտարարութիւնը Ատրպէյճանական Կողմին Վնաս Կու տայ, Այդ Ինքնախաբէութիւն Է. ՀՀ ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը կարեւոր է, որովհետեւ այդ հարցը չի կրնար ուղղակի մոռացութեան մատնուիլ, հակառակ պարագային խնդիրը լուծում պիտի չստանայ։ Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին յայտնեց ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի այն յայտարարութեան, որ  Ատրպէյճան կը մերժէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող շուրջ 120 հազար հայերու համար անվտանգութեան յատուկ երաշխիքներ տրամադրել։

«Կարծում եմ, որ այդ յայտարարութիւնը հէնց ատրպէյճանական կողմին է վնաս տալիս։ Նման իրողութիւնների դէպքում խնդիրը լուծում չի ստանայ։ Դա իրականութիւնից փախչել է, իրենց ձեռք չի տալիս, որ այդ հարցերը չքննարկուի։ Վստահ եմ, որ ինչ-որ փուլի դրան կը գան։ Նոյնիսկ հիմա, կարծում եմ, որ դա ուղղակի բանակցութիւններից առաջ բարձր սանդղակ դնելու եւ բանակցութիւնների ժամանակ օգտագործելու համար է արւում։ Իմ տպաւորութիւնն այդպիսին է», ըսաւ Սիմոնեան։

Ճշգրտող հարցին, թէ ի վերջոյ Ատրպէյճանը պիտի համաձայնի՞ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի ստեղծման, Ալէն Սիմոնեան պատասխանեց․

«Լեռնային Ղարաբաղում ապրող հայերի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցը կարեւոր է, որովհետեւ այդ հարցը չի կարող ուղղակի մոռացութեան մատնուել։ Դա ինքնախաբէութիւն է։ Եթէ Ատրպէյճանը պատրաստ է ինքնախաբեությամբ զբաղուել, Հայաստանը պատրաստ չէ ինքնախաբէութեամբ զբաղուել։ Այն, ինչը որ մենք յայտարարել ենք, հետամուտենք լինելու այդ յայտարարութեանը», եզրափակեց Սիմոնեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment