Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքու Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Մեծ Մետաղագործական Ձեռնարկութիւն Կառուցելու Ծրագիրը

Պաքու Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Մեծ Մետաղագործական Ձեռնարկութիւն Կառուցելու Ծրագիրը

by MassisPost

Ատրպէյճանի Բնապահպանութեան Նախարարութիւնը յատուկ յայտարարութիւն տարածած է` պնդելով, որ «առանց այդ գործունէութիւնը Պաքուի հետ համաձայնեցնելու», Հայաստանը կը խախտէ միջազգային բնապահպանական չափանիշերը:

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան անցած օրերուն յայտնեց, որ Արարատի մարզի Երասխ գիւղին մէջ կը կառուցուի մետաղագործական գործարան, ուր պիտի վերամշակուին եւ արտադրուին սեւ մետաղներ, ամրաններ, անկիւնակներ եւ խողովակներ:

Ատրպէյճանի Բնապահպանութեան Նախարարութիւնն տարածած յայտարարութեան մէջ կը վկայակոչէ Էսփոյի պայմանադրութիւնը (Անդրսահմանային ծիրին մէջ կենսոլորտին վրայ ազդեցութեան գնահատման մասին պայմանադրութիւն) եւ կը պնդէ, որ Հայաստանը, որպէս այդ փաստաթուղթի կողմ, պարտաւոր էր Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցնել այդ նախագիծը:

Պաքուն նաեւ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութիւնը քննադատած է` կրկին պնդելով, որ այդ գործունէութիւնը եւս «լուրջ բացասական ազդեցութիւն ունի Ատրպէյճանի բնապահպանական միջավայրին վրայ»:

«Հայաստանի մեծ լեռնահանքային ձեռնարկութիւններու` Քաջարանի պղնձամոլիպտենային գործարանի եւ Կապանի լեռնահարստացուցիչ գործարանի բարձր քիմիական պարունակութեամբ արտադրական կեղտաջուրերը երկար ժամանակէ կ’աղտոտեն անդրսահմանային Օխչուչա գետը», յայտարարա­ծ է Ատրպէյճանի կառավարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment