Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ապրելու Երկիր»ը Մանէ Թանդիլեանը Պիտի Առաջադրէ Երեւանի Քաղաքապետի Թեկնածու

«Ապրելու Երկիր»ը Մանէ Թանդիլեանը Պիտի Առաջադրէ Երեւանի Քաղաքապետի Թեկնածու

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն «Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը Մանէ Թանդիլեանը պիտի առաջադրէ քաղաքապետի թեկնածու: Այս մասին յայտարարուեցաւ կուսակցութեան մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

«Մանէ Թանդիլեանի առաջադրումը եւս մէկ անգամ ընդգծում է մեր վճռականութիւնը ոչ միայն մասնակցել, այլեւ յաղթել Երեւանի ընտրութիւններում», ըսաւ կուսակցութեան Քաղաքական Խորհուրդի անդամ Տիգրան Սահակեանը:

Դեռ Ապրիլին Թանդիլեանը կուսակցութեան համագումարին ատեն յայտնած էր, որ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն` երեւանցիներուն առաջարկելով մէկ միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունեցող Երեւանի յառաջիկայ ընտրութիւնները վերածել «իշխանութեան անվստահութեան հանրաքուէի»: Ան սակայն չէր բացայայտած թեկնածուին անունը:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը դեռ անցեալ տարի յայտարարած էր, որ Երեւանի քաղաքապետի իրենց թեկնածուն Տիգրան Աւինեանն է: Առայժմ իրենց մասնակցութեան մասին յայտնած են նաեւ գործարար Տիգրան Արզաքանցեանի կինը` Նաթալիա Ռոթենպերկը, երգահան Ռուբէն Հախվերտեանը, փաստաբան Նորայր Նորիկեանը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութենէն Դաւիթ Խաժակեանը եւ եւս քանի մը հոգի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment