Ուաշինկթըն «անհամբեր կը սպասէ» Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլին, յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի տեղակալ Վետանթա Փաթելը:
Հարցումին, թէ ի՞նչ մանրամասնութիւններ կրնայ փոխանցել պետական քարտուղար Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու` յաջորդ շաբթուան հանդիպումէն, Փաթել պատասխանած է․ «Ես յստակ տեղեկատուութիւն չունիմ ժամկէտերու կամ պետական քարտուղարի ժամանակացոյցին մասին: Բայց, այո՛, մենք անհամբեր կը սպասենք այս ամիս Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք բանակցութիւններու հերթական փուլին, քանի որ կողմերը կը շարունակեն ձգտիլ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ ապագային»:
Փաթել վերահաստատած է, որ ուղիղ երկխօսութիւնը խնդիրներու լուծման եւ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու բանալին է:
«Միացեալ Նահանգները գոհ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին տարբեր հարթակներու վրայ, այդ շարքին` վերջերս կայացած առաջնորդներու հանդիպումը: Բայց ես այլեւս ոչինչ ունիմ ըսելու այս մասին», ըսած է Փաթել: