Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոպական Առաջնորդները Ընդգծած Են ԼՂ Հայերու Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Ներդրման Կարեւորութիւնը. Էլիզէի Պալատ

Եւրոպական Առաջնորդները Ընդգծած Են ԼՂ Հայերու Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Ներդրման Կարեւորութիւնը. Էլիզէի Պալատ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ բանակցութիւններ կատարած են Յունիս 1-ին` Քիշնեւի մէջ:

Հանդիպման արդիւնքներով Էլիզէի պալատը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ ասուած է.

«ՀՀ վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ ձեւակերպուած իրենց պարտաւորութիւնները` Ալմայ Աթայի հռչակագրով որոշուած սահմաններու պահպանման վերաբերեալ: Անոնք վերահաստատած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքը:

Եւրոպական առաջնորդները Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ ըրած են պահպանելու իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս` ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման վերաբերեալ: Անոնք նաեւ ընդգծած են Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի:

Եւրոպական առաջնորդները նաեւ ընդգծած են ԼՂ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ներդրման կարեւորութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահը յատուկ ընդգծած է որեւէ թշնամական հռետորաբանութենէ հրաժարելու եւ ի նպաստ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան` խաղաղութեան վերականգնման ուղղութեամբ ջանքերու շարունակման կարեւորութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment