Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկած Է Հայաստան-ՆԱԹՕ Գործընկերութեան Եւ Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Փաշինեան ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկած Է Հայաստան-ՆԱԹՕ Գործընկերութեան Եւ Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինան:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի ներդրման եւ այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment