Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ատրպէյճանը Պիտի Դժուարանար Վերցնելու Ղարաբաղը, Եթէ Մենք ԱԹՍ-ներ Չարտադրէինք». Չաւուշօղլու

«Ատրպէյճանը Պիտի Դժուարանար Վերցնելու Ղարաբաղը, Եթէ Մենք ԱԹՍ-ներ Չարտադրէինք». Չաւուշօղլու

by MassisPost

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) Աֆեոնքարահիսարի ընտրական համակարգման կեդրոնի բացման ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլուն, խօսելով հարուածային ԱԹՍ-ներու արտադրութեան մասին, անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմին:

«Թուրքիան այսօր ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ազգային եւ տեղական արտադրութիւնը բարձրացուցած է 80 տոկոսի: Եթէ մենք այդ ցուցանիշին չհասնէինք, չարտադրէինք հարուածային ԱԹՍ-ներ, չարտադրէինք ամէն տեսակ ցամաքային, հակաօդային պաշտպանութեան եւ յարձակման համակարգեր, այդ շարքին` ուղղաթիռներ, Ատրպէյճանը պիտի դժուարանար վերցնելու Ղարաբաղը», ըսած է ան:

Նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ զարգացնել տեղական ռազմարդիւնաբերութիւնը, փորձելով նուազագոյն կախման մէջ ըլլալ այլ երկիրներէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment