Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինի Հետ Հեռախօսազրոյցին Փաշինեան Կարեւորած Է Ռուս Խաղաղապահ Առաքելութեան Կողմէ Հետեւողական Քայլերու Իրականացումը ԼՂ-ի Մէջ Ճգնաժամի Յաղթահարման

Փութինի Հետ Հեռախօսազրոյցին Փաշինեան Կարեւորած Է Ռուս Խաղաղապահ Առաքելութեան Կողմէ Հետեւողական Քայլերու Իրականացումը ԼՂ-ի Մէջ Ճգնաժամի Յաղթահարման

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Հեռախօսազրոյցին ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի յաղթահարման ծիրին մէջ ՀՀ վարչապետը կարեւորած է Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ հետեւողական քայլերու իրականացումը: Քննարկուած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի, Նոյեմբեր 26-ի եւ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ի` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման,  այդ շարքին` տարածաշրջանային ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու եւ անոնց մէջ տեղի ունեցող այլ զարգացումներուն շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment