Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարքուս Ռիթեր․ ԵՄ Առաքելութիւնը Յաջողած Կը Համարուի, Եթէ Ատրպէյճանը Գարնան Չյարձակի Հայաստանի Վրայ

Մարքուս Ռիթեր․ ԵՄ Առաքելութիւնը Յաջողած Կը Համարուի, Եթէ Ատրպէյճանը Գարնան Չյարձակի Հայաստանի Վրայ

by MassisPost

Եթէ Ատրպէյճանը գարնան յարձակում չգործէ Հայաստանի վրայ, ուրեմն ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը յաջողած է: Այս մասին «Deutsche Welle»-ի հետ զրոյցին յայտնած է ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը:

«Բազմաթիւ հայերու համոզմամբ` գարնան Ատրպէյճանը յարձակում պիտի ձեռնարկէ: Եթէ այդ տեղի չունենայ, ուրեմն մեր առաքելութիւնը արդէն իսկ յաջողած է», ըսած է Ռիթեր` յաւելելով, որ հայերը շատ ուրախ են Եւրոմիութեան դիտորդներուն ներկայութեամբ:

ԵՄ առաքելութեան ղեկավարը նշած է, որ դիտորդները չեն կրնար մուտք գործել Ատրպէյճանի տարածք, հետեւաբար, անոնք չեն կրնար արձանագրել, օրինակ` յարձակման նախապատրաստուող զօրքերու տեղաշարժը:

«Մենք չենք կրնար միջամտել: Մենք մեր տրամադրութեան տակ ունինք միայն հեռադիտակներ եւ տեսախցիկներ», ըսած է Ռիթերը:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այհան Հաճիզատէն մեկնաբանած է Մարքուս Ռիթերի յայտարարութիւնը: Ան նշած է, որ Մարքուս Ռիթերի յայտարարութիւնները իբր հիմնուած են հայկական կողմի կեղծ պնդումներու վրայ, եւ որ այդ առաքելութիւնը պէտք չէ չարաշահուի, որպէսզի վնաս չհասցուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment