Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Ներթափանցման Հետեւանքով Զոհուած են Արցախի Ոստիկանութեան 3 Ծառայողներ

Ատրպէյճանական Ներթափանցման Հետեւանքով Զոհուած են Արցախի Ոստիկանութեան 3 Ծառայողներ

by MassisPost

Ատրպէյճանական զինուժի նախօրէին կատարած ներթափանցման հետեւանքով զոհուած է ոստիկանութեան 3 ծառայող, յայտնած է Արցախի ոստիկանութիւնը:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, զոհուած են փոխգնդապետ Արմէն Մայորի Բաբայեանը, մայոր Դաւիթ Վալերիի Դանիէլեանը, լեյթենանթ Արարատ Թելմանի Գասպարեանը:

Եւս մէկ ծառայող` լեյթենանթ Դաւիթ Աշոտի Յովսէփեանը, ստացած է կրծքավանդակի հրազէնային վիրաւորում եւ կը գտնուի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ: Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան փոխանցմամբ` զայն վիրահատած են, այժմ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ` բժիշկներու հսկողութեան տակ, վիճակը կը գնահատուի կայուն ծանր:

Պաքուն եւս յայտնած է զոհերու եւ վիրաւորներու մասին:

«Սպաննուած են ատրպէյճանական բանակի զինուորներ Ալիպէյլի Շաքրիյար Ռամիզը եւ Հուսէյնով Էշկին Ճամիլը», տեղեկացուցած է Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Ըստ Արցախի ոստիկանութեան` ատրպէյճանական խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ` Ստեփանակերտի Կրկժան թաղամասէն դէպի Լիսագոր գիւղ ինկած հատուածին մէջ, թիրախաւորած եւ կրակ բացած է Ոստիկանութեան Անձնագրային եւ Վիզաներու Վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի ինքնաշարժին վրայ:

«Ատրպէյճանական խումբը դարանակալել էր ճանապարհամերձ անտառապատ տարածքում եւ այնտեղից յարձակուել մեքենայի վրայ», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment