Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զուիցերիան Միացած Է Սիւնիքի Զարգացման Եւրոպական Նախաձեռնութեան

Զուիցերիան Միացած Է Սիւնիքի Զարգացման Եւրոպական Նախաձեռնութեան

by MassisPost

Զուիցերիան միացած է Resilient Syunik Team Europe եւրոպական նախաձեռնութեան` ուղղուած Սիւնիքի մարզի կայուն ընկերատնտեսական զարգացման աջակցութեան` որպէս արտաքին գործընկեր: Այս մասին յայտնած է Երեւանի մէջ Աւստրիական համակարգող գրասենեակի ղեկավար Քլաուս Քափերը:

Եւրոպական ներդրումային դրամատան ղեկավար Քափեր յայտարարած է արդէն այս տարի Սիւնիքի մէջ մեկնարկող մեծ ծրագիրներու մասին:

Յիշեցնենք, որ նախաձեռնութեան անդամներն են նաեւ Եւրոպական ներդրումային դրամատունը եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները` Աւստրիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Լեհաստանը եւ Շուէտը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment