Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Գոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը Միացած Է Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Դէմ Ամերիկահայերու Ցոյցին

ԱՄՆ Գոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը Միացած Է Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Դէմ Ամերիկահայերու Ցոյցին

by MassisPost

Ուաշինկթընի մէջ Քափիթոլիումի շէնքին առջեւ ամերիկահայերը ցոյց կատարած են` իրենց բողոքը յայտնելով Լաչինի միջանցքի արգելափակման դէմ: Բողոքի շարժումին մասնակցած է նաեւ ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը: Այս մասին Փալոնը գրառումը կատարած է Թուիթըրի մէջ:

«Այսօր Քափիթոլիումի մօտ ցուցարարները բողոք կը յայտնէին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին անօրինական եւ անմարդկային շրջափակման: Ես հպարտութեամբ կանգնեցայ անոնց կողքին` կոչ ընելով, որ Միացեալ Նահանգները պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւը Արցախի ժողովուրդին դէմ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար», գրած է Փալոնը: Ըստ գրառմանը կից լուսանկարին` ցուցարարները ներկայացած են Հայաստանի դրօշով եւ Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու, Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ այլ կոչեր պարունակող պաստառներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment