Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Որո՞ւն Կը Պատկանին Սուրէն Պապիկեանին Եւ Արարատ Միրզոյեանին Վերագրուող Առանձնատուները․ Civilnet.Am

Որո՞ւն Կը Պատկանին Սուրէն Պապիկեանին Եւ Արարատ Միրզոյեանին Վերագրուող Առանձնատուները․ Civilnet.Am

by MassisPost

Լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն մէջ Յունուար 24-ին տարածուեցան առանձնատուներու նկարներ, որոնք, ըստ պնդումներու, կը պատկանին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին եւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանին:

Ըստ օգտատէրերուն` նկարին մէջ ձախ կողմը պատկերուած առանձնատունը կը պատկանի Սուրէն Պապիկեանին, իսկ աջ հատուածի տունը` Արարատ Միրզոյեանին:

Հրապարկման տարածումէն յետոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը հերքած էր Սուրէն Պապիկեանի կապը այդ առանձնատուներէն որեւէ մէկուն հետ:

Սիվիլնեթի փաստերու ստուգման խումբը` CivilNetCheck-ը, որոշեց Կադաստրի կոմիտէէն ձեռք բերել այս առանձնատուներուն կադաստրային գործերը` ստուգելու անոնց պատկանելութիւնը:

Նախ տեղորոշեցինք երկու առանձնատուները: Սուրէն Պապիկեանին վերագրուող առանձնատունը եւ կից հողամասը Երեւանի Աջափնեակ թաղամասի Նազարբեկեան թաղամաս 57/17 եւ 57/9 հասցէներով են:

Ինչպէս կը տեղեկանանք կադաստրային փաստաթուղթերէն, այս առանձնատան նախագծման աշխատանքները սկսած են 2016-էն: Առանձնատան սեփականատէրը, ըստ փաստաթուղթերուն, ծնունդով Լիբանանէն Գանատայի քաղաքացի Վաչէ Պետրոսի Մինասեանն է:

Ան այս հասցէներով գտնուող տարածքը ձեռք բերած է 2013-ին: Անոնց նկատմամբ Մինասեանի սեփականութեան իրաւունքը արձանագրուած է 2016-ին:

Կադաստրի տրամադրած փաստաթուղթերէն պարզ կը դառնայ, որ այս առանձնատան սեփականատէրերու կազմին մէջ փոփոխութիւն չէ եղած առնուազն 2016-էն, եւ այն մինչ օրս կը պատկանի Վահէ Պետրոսի Մինասեանին:

Արարատ Միրզոյեանին վերագրուող առանձնատունն ալ պարզուեցաւ, որ Կոտայքի մարզի Քասախ համայնքի Մուշ փողոցի թիւ 63-65 հասցէով է: Այս հասցէի կադաստրային փաստաթուղթերը կը փաստեն, որ առանձնատունը կը պատկանի Քաջարանի բնակիչ Արամ Աշոտի Մարգարեանին: Վերջինիս իրաւունքը այս հասցէներուն նկատմամբ արձանագրուած է 2018-ի Հոկտեմբերին: Տարածքին մէջ կառուցապատման աշխատանքներ սկսած են 2015-ին: Այս առանձնատունը վերջին տարիներուն չէ հանուած վաճառքի եւ, ըստ փաստաթուղթերուն, կը շարունակէ պատկանիլ Արամ Մարգարեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment