Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նաւասարդ Կճոյեանը Հրաւիրուած Է Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Բռնագանձման Գործերով Վարչութիւն

Նաւասարդ Կճոյեանը Հրաւիրուած Է Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքի Բռնագանձման Գործերով Վարչութիւն

by MassisPost

Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Նաւասարդ (Սամուէլ) Կճոյեանը հրաւիրուած է Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն:

Այս մասին տեղեկացուցած է «Ազդարար» հրապարակային ծանուցումներու հարթակը:

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ Կճոյեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ կ’իրականացուի ուսումնասիրութիւն, որու բերումով կազմուած է ամփոփագիր:

Ծանուցագիրը ստանալու պահէն Կճոյեանը մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է ներկայանայ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն, ծանօթանալու գործի նիւթերուն, ներկայացնելու դիրքորոշում, ինչպէս նաեւ յայտարարագիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment