Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Կոչ Կ’ընէ Լիարժէքօրէն Վերականգնելու Ազատ Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով

ԱՄՆ Կոչ Կ’ընէ Լիարժէքօրէն Վերականգնելու Ազատ Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով

by MassisPost

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքին փակումը կը շարունակէ մտահոգել Միացեալ Նահանգները:

Այս մասին ըսաւ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը` մեկնաբանելով Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք Արցախի մէջ յանգեցուցած են ծանր մարդասիրական հետեւանքներու:

«Մենք կը շարունակենք մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի հասանելիութեան խաթարման եւ ստեղծուած իրավիճակի մարդասիրական հետեւանքներուն առնչութեամբ: Սա կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը եւ կը խաթարէ միջազգային վստահութիւնը», նշեց Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Անդրադառնալով իրադրութեան հանգուցալուծման տարբերակներուն` Փրայս ըսաւ. «Մենք կոչ կ’ընենք լիարժէքօրէն վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքով: Որեւէ հարցով յառաջընթացի միակ ճանապարհը բանակցութիւններն են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment