Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պարտադիր Զինուորական Ծառայութեան 6 Ամիսը Լրանալէ Ետք Ժամկէտային Զինուորը Պայմանագրային Զինուորական Ծառայութեան Անցնելու Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենայ. Պապիկեան

Պարտադիր Զինուորական Ծառայութեան 6 Ամիսը Լրանալէ Ետք Ժամկէտային Զինուորը Պայմանագրային Զինուորական Ծառայութեան Անցնելու Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենայ. Պապիկեան

by MassisPost

Նախագիծով կ’առաջարկուի Կառավարութեան 2021-2026 թուականներու ծրագրին համապատասխան` բարձրացնել պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն անցնելու գրաւչութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ստեղծել նախադրեալներ արհեստավարժ պայմանագրային զինուորական ծառայութեան զարգացման համար. ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը Ագային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի Նոյեմբեր 14-ի նիստին ««Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման ժամանակ:

Նախարարին հաւաստմամբ պիտի ներդրուին նախարարութեան կողմէ նշուած ծառայութեան վայրին մէջ եւ պայմաններով շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան փոխարէն շարքային եւ սպայական կազմերու պարտադիր զինուորական ծառայութենէն պայմանագրային զինուորական ծառայութեան անցման նոր համակարգ եւ շարքային կազմի կարճաժամկէտ պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացակարգ:

««Պաշտպան Հայրենեաց» ծրագիրը նախատեսում է շարքային եւ սպայական կազմերի պարտադիր զինուորական ծառայութեան առաջին վեց ամիսը լրանալուց յետոյ Կառավարութեան սահմանուած կարգով պայմանագրային զինուորական ծառայութեան անցնելու հնարաւորութիւն` ծառայութեան ժամկէտը սահմանելով 5 տարի, ինչպէս նաեւ պայմանագրի ժամկէտը լրանալու կամ առողջական վիճակի պատճառով ոչ-պիտանի ճանաչուելու հիմքով ծառայութիւնից ժամկէտից շուտ արձակուելիս` նրանց համար սահմանելով պատուովճար ստանալու իրաւունք: Պատուովճարի չափը նախատեսւում է սահմանել 5 միլիոն դրամ, որը տնօրինուելու է ազատօրէն», ըսած է Սուրէն Պապիկեան:

Գործընթացը պիտի կարգաւորուի Կառավարութեան որոշմամբ, ոչ թէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին հրամանով:

«Պաշտպան Հայրենեաց» ծրագրով պիտի դադրեցուի «Ես եմ» ծրագրի գործունէութիւնը: «Ես եմ» ծրագրով այս պահին զինուորական ծառայութիւնը կը շարունակէ երկու զինուոր: Անոնց ծառայութեան 36-ամսեայ ժամկէտը կ’աւարտի 2023 թուականի Յունուարին:

Սուրէն Պապիկեանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ մօտ ապագային պիտի ներկայացուին ոլորտի բարեփոխման նոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ: «Բարեփոխումների հիմքը եւ նպատակը պայմանագրային զինծառութիւնն է», փաստած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը:

Ըստ յանձնաժողովի փոխնախագահ Արմէն Խաչատրեանի` ներկայացուած է աննախադէպ օրէնքի նախագիծ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ արդիւնքները պիտի ըլլան արագ եւ կանխատեսելի: «Օրինագիծը կապուած է մեր պաշտպանունակութեան բարձրացման հետ», ըսած է ան: Արմէն Խաչատրեանը նաեւ կարեւորած է բնագաւառին մէջ վերջին ամիսներուն իրականացուած միւս բարեփոխումները:

Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի հաւաստմամբ բանակի բարեփոխումներու փաթեթին մէջ ընդգրկուած ամենակարեւոր նախագծերէն է, որ ուղղուած է բանակի զարգացման ու արդիականացման:

Յանձնաժողովականները բարձր գնահատած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող բարեփոխումները:

Քննարկման շնորհիւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը ստացած է դրական եզրակացութիւն:

Օրէնքին նախագիծը Կառավարութեան որոշմամբ համարուած է անյետաձգելի:

Հարցը պիտի առաջարկուի ընդգրկել Նոյեմբեր 15-ին մեկնարկող Ազգային Ժողովի հերթական նիստերու օրակարգի նախագիծին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment