Ռուսիան դիւանագիտական խողովակներով դիմած է Երեւանին՝ Կոնստանդին Զաթուլինի եւ Մարկարիթա Սիմոնեանի Հայաստան մուտքը արգիլելու լուրը հաստատելու եւ պարզաբանումներ ստանալու համար:
Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Մենք դիւանագիտական խողովակներով անյապաղ դիմած ենք հայկական կողմին՝ պաշտօնական հաստատման եւ պարզաբանումներու համար: Մենք տեսած ենք նման հաղորդումներ, պաշտօնապէս խնդրած ենք պարզաբանել` արդեօք այդ ճի՞շդ է եւ ինչի՞ հետ այդ կապուած է, եթէ այդ հաստատուի», ըսած է Զախարովա: