Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Արցախին Պիտի Տրամադրէ 20 Միլիառ Դրամի Չափով Վարկ

Հայաստանը Արցախին Պիտի Տրամադրէ 20 Միլիառ Դրամի Չափով Վարկ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան պիտի տրամադրուի 20 միլիառ դրամ գումարի չափով միջպետական վարկ: Որոշումը ընդունուեցաւ կառավարութեան Հոկտեմբեր 27-ի նիստին:

Միջպետական վարկը Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կը տրամադրուի տարեկան 0,01 տոկոս տոկոսադրոյքով, մինչեւ 2026 թուականի Յունուար 1 մարման ժամկէտով` վարկի հիմնական գումարի եւ անոր նկատմամբ հաշուեգրուող տոկոսագումարներու վճարումը վարկի մարման վերջնաժամկէտին իրականացնելու պայմանով:

Գումարը պիտի տրամադրուի Արցախի կառավարութեան` 2020 թուականի պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած բնակիչներուն համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակելի տուներու կառուցման եւ կահաւորման, ինչպէս նաեւ դրամատուներու հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններու ֆինանսաւորման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment