Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ««Պայրաքթարներ» Եւ Ծանր Կորուստներ»․ Ատրպէյճանցի Գնդապետը Մահուընէ Առաջ Բացայայտած Է Պատերազմին Պաքուի Յաջողութեան Գաղտնիքը

««Պայրաքթարներ» Եւ Ծանր Կորուստներ»․ Ատրպէյճանցի Գնդապետը Մահուընէ Առաջ Բացայայտած Է Պատերազմին Պաքուի Յաջողութեան Գաղտնիքը

by MassisPost

Քանի մը օր տեւած լռութենէ յետոյ ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներն ու փորձագէտները սկսան արձագանգել 44-օրեայ պատերազմին մասին ընդդիմադիր լրատուամիջոցներէն մէկուն` Պերլինի մէջ գործող «Meydan TV» կայքի հրապարակուած ձայնագրութեան՝ պնդելով, որ գաղտնալսման ի յայտ գալը, ինչպէս նաեւ ձայներիզին մէջ տեղ գտած փաստերը պէտք է լրջօրէն հետաքննուին:

Պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական բանակի դժուարութիւններուն մասին բացայայտումներու հեղինակը Առաջին բանակային զօրախումբի հրամանատարի նախկին տեղակալ, գնդապետ Պապեք Սամիտլին էր: Ըստ «Meydan TV»-ի, ձայնագրութիւնը կատարուած է ռազմական գործողութիւններու աւարտէն քանի մը օր անց եւ գնդապետ Սամիտլիի մահուընէ քանի մը օր առաջ: Ատրպէյճանցի սպան մահացած էր 2020-ի Նոյեմբեր 23-ին Մատաղիսի մէջ` ականի պայթումէն:

«Եթէ վերցնենք հրասայլերը, հրետանին ու ականանետերը, ապա անձնակազմի յարաբերակցութիւնը [մեր եւ հայերուն միջեւ] մէկը մէկին էր, չնայած այն հանգամանքին, որ յարձակող կողմը պէտք է եռապատիկ առաւելութիւն ունենայ», ձայնագրութեան մէջ կը նշէ ատրպէյճանցի գնդապետը` պնդելով, որ թէ՛ 2020-ի Յուլիսին` Տաւուշի դէպքերէն եւ թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ Գլխաւոր Շտաբի ղեկավարութիւնը Իլհամ Ալիեւին սխալ տուեալներ կը զեկուցէր` միտումնաւոր կերպով նուազեցնելով հայկական զօրքերուն քանակն ու կարողութիւնները:

«Գլխաւոր Շտաբի վարչութեան պետ զօրավար Այազ Հասանով ճնշում կը գործադրէր մեր վրայ: Ան կը ստիպէր մեզ հակառակորդի մասին սխալ, կրճատ տեղեկութիւններ տրամադրել, միայն թէ կարենան Գլխաւոր հրամանատարին զեկուցել, որ առաւելութիւնը մեր կողմն է, եւ մենք պատերազմին պատրաստ ենք: Եւ սա չնայած անոր, որ զօրախումբի հրամանատարներն կ’ըսէին` 140 հրասայլով մենք [հայերու] 140 հրասայլերու դէմ յարձակման անցնիլ չենք կրնար: Մենք գոնէ 250 հրասայլ պէտք է ունենանք, [վերադաս սպաները] սակայն, կը ստիպէին կրճատել այդ թիւը: Մեր զօրախումբի հրամանատարը, օրինակ, հրաժարեցաւ եւ [Այազ Հասանովը] զայն սկսաւ վիրաւորել` ըսելով. «Գնա՛ փամփըրզ հագիր, դուն վախկոտին մէկն ես», կ’ըսէ գնդապետ Սամիտլին:

Ըստ ատրպէյճանցի զինուորականին, իրադրութիւնը ռազմաճակատին վրայ փոխուեցաւ միայն այն բանէն ետք, երբ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակման մշակման միացան թուրք զինուորականները` ստեղծուած կացութիւնը ուղղակի զեկուցելով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին:

Այդ թուրք զինուորականներէն մէկուն գնդապետ Սամիտլին ձայնագրութեան մէջ կը ներկայացնէ որպէս Բախտիար փաշա: Խօսքը, ըստ ամենայնի, Թուրքիոյ ցամաքային զօրքերու վարչութեան պետ Բախտիար Էրսայի մասին է, որ շարք մը աղբիւրներու վկայութեամբ` պատերազմի ամբողջ ընթացքին եղած է Ատրպէյճանի մէջ: Բուն ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, ըստ ատրպէյճանցի զինուորականին, գոնէ այն հատուածին մէջ, ուր ինք կռուած է (Մարտակերտի շրջանը) հայերը առաւելութիւն ունեցած են հրետանային կրակի տեսանկիւնէն:

«Թշնամին «D20» հաուպիցներ ունէր, որոնց կրակին հեռահարութիւնը 30 քիլոմեթր է: Իսկ մենք աւելի շատ «D30» եւ «D44» հաուպիցներ ունէինք, որոնք առաւելագոյնը 15 քիլոմեթր կը կրակէին: Ժամանակին Պելառուսըիան կը վաճառէր այդ «D20»-ները, մերոնք, սակայն, գերադասեցին Ռուսաստանից «D30» առնել, պելառուսերն ալ «D20» հաուպիցները ծախեցին Հայաստանին», կը պատմէ Սամիտլին:

Բացի անկէ, զինուորականը կը պնդէ, որ գոնէ իր հրամանատարութեան տակ գործող ստորաբաժանումներուն մէջ հանդերձանքի եւ յատուկ միջոցներու լուրջ պակաս կար:

«Կապի միջոցներով մենք ապահովուած էինք 49 տոկոսով, զրահաբաճկոններով` 62 տոկոսով: Ամբողջ զօրախումբին մէջ ընդամէնը եօթը հատ GPS տեղորոշիչ կայ», կը նշէր Սամիտլին:

Նման իրավիճակի մէջ, ըստ ատրպէյճանցի զինուորականին, 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական ուժերը յաջողեցան յաղթել երկու հիմնական գործօններու` յարձակման ընթացքին կորուստներու հետ հաշուի չնստելու եւ թրքական հարուածային անօդաչուներուն շնորհիւ:

«Եթէ «պայրաքթարները» չըլլային, մենք առաւելութիւնը պիտի չպահպանէինք: Մենք յարձակման ընթացքին պիտի պարտուէինք», կը նշէ գնդապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment