Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսական հեռատեսիլէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին բաւական խիստ եւ ծանր վերագրումներ կատարեց Ռուսաստանի հասցէին, այս վերջինս մեղադրելով Հայաստանի դէմ վերջին` սեպտեմբերեան յարձակումը հրահրելու մէջ:
«Ի՞նչ տեղի կ’ունենար սահմանին վերջին երկու տարիներուն: 5000 ռուս զինուորականներ ենթադրաբար այնտեղ են սահմանը երաշխաւորելու համար, բայց ռուսերը օգտագործած են այս հակամարտութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի ու Ատրպէյճանի խաղը խաղցած են Թուրքիոյ հետ Հայաստանը թուլացնելու համար», ըսած է Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախագահի նման յայտարարութիւնը բաւականին անակնկալ էր ու հասցէագրուած: Բնականաբար ան նման եղանակով ու բաց կերպով պիտի չխօսէր եթէ իր տրամադրութեան տակ չունենար որոշ տուեալներ, որոնց վրայ հիմնուելով է որ, այս զգայուն հարցը կը դարձնէր հրապարակային քննարկման առարկայ:
Մաքրոնի մեղադրանքները միակը չեն, որ վերջին օրերուն կը հնչեն Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն: Մի քանի օր առաջ, նոյնանման միտք արտայայտեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Քոլոնան, ըսելով թէ, Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները բացայայտեցին Ռուսիոյ անկարողութիւնը` հանդէս գալու որպէս իրաւարար, ինչին ան բացառիկութեան կարգով կը յաւակնէր 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ:
Մաքրոն իր նոյն ելոյթին մէջ նաեւ ըսաւ որ, Հայաստանը երկիր մըն է, որուն հետ Ֆրանսան եզակի կապ ունի: «Մենք այդ երկրին կողքին ենք եւ առանձին պիտի չձգենք Հայերը», հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց ան:
Ֆրանսայի նախագահի այս յայտարարութիւնները արժանացան Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի հակազդեցութեան: Պաքուի մէջ Ֆրանսան ամբաստանեցին կողմնակալութեան մէջ, իսկ նախագահ Փութին պատասխանելով Մաքրոնին ըսաւ թէ անոնք, անպատշաճ են եւ անընդունելի: «Ես այդ մասին պիտի խօսիմ Մաքրոնին հետ», աւելցուց ան:
Հոս պէտք է արձանագրել, որ Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով արեւմտեան երկիրներու գրեթէ բոլոր ղեկավարները խզած են իրենց շփումները նախագահ Փութինի հետ: Մաքրոն, եւ որոշ չափով Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շուլթց, միակն են, որոնք կը շարունակեն կապի որոշ գիծ մը պահել անոր հետ` փորձելով վերջ տալ ամիսներէ իվեր շարունակուող ուքրանական պատերազմին:
Մաքրոնի այս յայտարարութեան յաջորդեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթը ԱՊՀ երկիրներու ժողովի ընթացքին, ուր ան հարցականի տակ առաւ, այդ երկիրներու մեծամասնութիւնը ընդգրկող` ՀԱՊԿ ռազմական դաշինքի իմաստը եւ գոյութիւնը« այդպիսով իսկ հակադրուելով Ռուսաստանին:
Այս զարգացումները կու գան առաւել եւս ամրապնդելու Հայաստանի մէջ օրըստօրէ զարգացող այն համոզումը որ, այսուհետեւ կարելի չէ ամբողջութեամբ ապաւինիլ Ռուսաստանի վրայ: Հասարակութեան ամենէն ռուսամէտ տարրերուն մօտ իսկ հարցականներ կը յառաջանան Հայաստանի նկատմամբ Մոսկուայի որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ:
Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան աստիճանի բարձրացումը` տարածաշրջանէն ներս, կրնայ որոշ երաշխիքներ տալ Հայաստանին, պայմանաւ որ, ան կռուախնձոր չդառնայ մեծ պետութիւններուն միջեւ, պարտադրելով Երեւանին` նախընտրութիւն կատարելու մէկուն կամ միւսին միջեւ: Ներկայ հանգրուանին Հայաստան պաշտպանուելու համար պէտք ունի բոլոր կողմերուն:
Գ․ Խոտանեան
«ՄԱՍԻՍ»