Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կը Դիտարկէ Հնդկաստանէն «Աքաշ» Զենիթահրթիռային Համալիրներ Եւ «Քամիքազ» Անօդաչու Սարքեր Գնելու Հնարաւորութիւնը

Հայաստանը Կը Դիտարկէ Հնդկաստանէն «Աքաշ» Զենիթահրթիռային Համալիրներ Եւ «Քամիքազ» Անօդաչու Սարքեր Գնելու Հնարաւորութիւնը

by MassisPost

Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ շարունակուող լարուածութեան ծիրին մէջ Հայաստանը կը դիտարկէ Հնդկաստանի հետ պաշտպանական նոր գործարքներ կնքելու հնարաւորութիւնը․ զենիթահրթիռային համալիրներէն զատ, ինչպիսին է «Աքաշ»-ը («Akash»), Հայաստանը կը դիտարկէ անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ զինամթերքի հնարաւոր գնումը: Այս մասին կը նշէ  հնդկական «ThePrint» առցանց թերթը:

«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ անոր գործընկեր` Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Շրի Ռաջճնաթ Սինկհի երկկողմ հանդիպման ժամանակ ուշադրութեան կեդրոնին եղած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան խորացումը, որ տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 18-ին Կանտինակար քաղաքին մէջ «DEFEXPO» 2022-ի շրջանակներուն մէջ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է ընդամէնը քանի մը շաբաթ անց այն բանէն, երբ երկու երկիրները հնդկական «Փինաքա» համազարկային կրակի համակարգերու, «Քոնքուրս» հակահրասայլային հրթիռային համակարգերու, ինչպէս նաեւ զինամթերքի լայն տեսականիի, այդ շարքին` 80 մմ ականանետի վաճառքի միջկառավարական պայմանագիր կնքած են», կը նշէ «ThePrint»-ը:

Ըստ թերթին` Հնդկաստանի կառավարութեան աղբիւրները կը շարունակեն լռել այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցած է հայ նախարարին հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ, սակայն կը պնդեն, որ «ուշադրութեան կեդրոնին եղած է համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ»:

«ThePrint»-ի աղբիւրներուն համաձայն` Հնդկաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկած է Հայաստանի հետ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան օգտին` Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան պատճառով, երկրի մը, որուն կ’աջակցին Թուրքիան եւ Փաքիստանը:

«ThePrint»-ի աղբիւրները յայտնած են, որ Հայաստանը կը դիտարկէ տեղական «Աքաշ» զենիթահրթիռային համակարգերու գնման հնարաւորութիւնը:

«Հայաստանը նաեւ կը դիտարկէ Հնդկաստանի մէջ մասնաւոր ընկերութիւններու` Tata Advanced Systems Limited-ի (TASL) եւ Solar Industries-ի կողմէ մշակուած «քամիքազ» անօդաչու թռչող սարքեր (loitering munition) գնելու հնարաւորութիւնը» յայտնած է «ThePrint»-ը:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր «The Print»-ը, շատերը Ատրպէյճանը կը դիտարկեն որպէս Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ ձեւաւորուող առանցքի մաս: Ատրպէյճանը օգտագործած է թրքական անօդաչուները Հայաստանի դէմ պատերազմ վարելու համար, ինչպէս նաեւ «JF-17» կործանիչներ գնելու համար բանակցութիւններ կը վարէ Փաքիստանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment