Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Որոշում Կայացուցած Է Հայաստան Ընդդէմ Ատրպէյճանի Գործով

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Որոշում Կայացուցած Է Հայաստան Ընդդէմ Ատրպէյճանի Գործով

by MassisPost

2022 թուականի Հոկտեմբեր 12-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը կայացուցած է որոշում Ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին ուխտի ծիրին մէջ քննուող Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով իր` 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին որոշման փոփոխութեան մասին Հայաստանի խնդրանքին վերաբերեալ: 2022 թուականի Հոկտեմբեր 12-ի որոշման մէջ Դատարանը վերահաստատեց, որ «իրավիճակը, որ գոյութիւն ունէր 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշման արձակման ժամանակ, կը շարունակուի», եւ որ Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած հայերը կը շարունակեն մնալ անվերականգնելի վնասի ենթարկուելու լուրջ վտանգին առջեւ: Այս մասին կը տեղեկանանք Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի ֆէյսպուքեան էջէն:

Համապատասխանաբար, Դատարանը նաեւ հաստատեց, որ իր 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի հրամանը կը պարտաւորեցնէ Ատրպէյճանին պաշտպանել «ոեւէ անձ, որ գերեվարուած է կամ կրնայ գերեվարման ենթարկուիլ որեւէ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ, որոնք կը հանդիսանան 2020 թուականի հակամարտութեան վերսկսուած բռնկում»: Այսպիսով, Ատրպէյճանը պարտաւորուած է պաշտպանել բոլոր հայերը, որոնք գերեվարուած են 2022 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ատրպէյճանի զինուած յարձակման, այնպէս ալ ապագային որեւէ հնարաւոր առնչուող հակամարտութեան ժամանակ: Հայաստան կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին խստօրէն հետեւելու եւ արդիւնաւէտ կերպով կատարելու Դատարանի Որոշումները, այդ շարքին` 2022 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով անհետ կորսուած 29 հայերու առնչութեամբ: Հայաստան նաեւ կը նշէ, որ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի հայ ռազմագերիներու եւ այլ կալանաւորներու նկատմամբ իրականացուած բոլոր վայրագութիւններուն համար` համաձայն Դատարանի երկու Որոշումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment