Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փրակի Մէջ Հոկտեմբեր 6-ին Պիտի Կայանայ Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում. «Սապահ»

Փրակի Մէջ Հոկտեմբեր 6-ին Պիտի Կայանայ Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում. «Սապահ»

by MassisPost

Թրքական մերձիշխանական «Սապահ» պարբերականը կը գրէ, որ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Փրակի մէջ պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

«Սապահ»-ի փոխանցմամբ, Հոկտեմբեր 6-ին Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք Եւրոպական Քաղաքական Հանրութեան գագաթաժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած հանդիպման ժամանակ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետին ուղերձներ պիտի փոխանցէ, մասնաւորապէս այն մասին, որ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները յաջորդաբար տեղի ունենան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ոչ թէ երրորդ երկիրներու մէջ:

Բացի անկէ, Թուրքիոյ նախագահը պիտի նշէ, որ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման համար Հայաստանը «պէտք է զերծ մնայ սադրանքներէն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրէ», կը գրէ պարբերականը:

Հայկական կողմը դեռ պաշտօնապէս չէ յայտարարած Փաշինեան-Էրտողան յառաջիկայ հանդիպման մասին: Աւելի վաղ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, ապա նաեւ վարչապետը յայտնած էին, որ նման հանդիպում հաւանական է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment