Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փեսքով Արձագանգած Է «Հայկական Ժամանակ»ի «Ի՞նչ Կ’ուզէ Ռուսաստանը» Յօդուածին

Փեսքով Արձագանգած Է «Հայկական Ժամանակ»ի «Ի՞նչ Կ’ուզէ Ռուսաստանը» Յօդուածին

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով «անհեթեթութիւն» որակած է «Հայկական Ժամամնակ»ի մէջ «Ի՞նչ կ’ուզէ Ռուսաստանը․ ի գիտութիւն Վեհափառ հայրապետին, երեք նախագահներուն եւ փորձագիտական հանրութեան» վերտառութեամբ յօդուածին:

«Ոչ, այդ հերթական անհեթեթութիւնն է», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով` ի պատասխան տուեալ հրապարակումը մեկնաբանելու լրագրողներու խնդրանքին:

Յիշեցնենք, որ Armtimes.com-ը յօդուած հրապարակած էր, որուն մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է․ «Ռուսաստանը Հայաստանից համարեա ուզում է այն, ինչ ուզում է Ուքրանիայից, որ այն դառնայ «Ռուսաստան-Պելառուս» միութենական պետութեան կամ Ռուսաստանի մաս»:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Փեսքով երկու-երեք ամիս առաջ նոյն բառով բնութագրած էր Ռուսիոյ մէջ զօրահաւաք յայտարարելու մասին լուրերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment