Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 165 Երկիրներու Շարքին Հայաստանը 11-րդն Է Աշխարհի Մէջ Տնտեսական Ազատութեան Ցուցակով

165 Երկիրներու Շարքին Հայաստանը 11-րդն Է Աշխարհի Մէջ Տնտեսական Ազատութեան Ցուցակով

by MassisPost

Ֆրէյզըրի հիմնարկին կողմէ հրապարակուած է «Աշխարհի Տնտեսական Ազատութեան 2022-ի Տարեկան Զեկոյց»-ը, որուն մէջ Հայաստանը գրաւած է 11-րդ դիրքը, ինչ որ հիմնարկին կողմէ Հայաստանին երբեւէ տրուած ամենաբարձր արդիւնքն է: Հայաստանի վարկանիշը 10 հնարաւորէն կազմած է 7.84 միաւոր:

Զեկոյցը հիմնուած է 2020-ի տարեկան ցուցանիշներուն վրայ եւ կ’ընդգրկէ աշխարհի 165 երկիր: Տնտեսական ազատութեան ցուցակը կը չափէ երկիրներու տնտեսական ազատութեան աստիճանը` վերլուծելով շարք մը ցուցանիշներ եւ ներառելով 5 հիմնական ուղղութիւններ, ինչպիսիք են` կառավարութեան որոշումներու կայացման տնտեսական հենքերը, իրաւական համակարգը եւ սեփականութեան իրաւունքները, ազգային արժոյթի յուսալիութիւնը եւ սղաճի նկատմամբ դիմադրողականութիւնը, միջազգային առեւտուրին մէջ ազատութեան մակարդակը, աշխատանքի եւ առեւտուրի կարգաւորման հետ կապուած հարցերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment