Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աւարտած Է Պետական Դաւաճանութեան Յատկանիշերով Յարուցուած Հերթական Քրէական Վարոյթի Նախաքննութիւնը

Աւարտած Է Պետական Դաւաճանութեան Յատկանիշերով Յարուցուած Հերթական Քրէական Վարոյթի Նախաքննութիւնը

by MassisPost

Պետական դաւաճանութեան յատկանիշերով յարուցուած վարոյթներէն մէկով կազմուած է եզրափակիչ դատավարական արարք եւ կալանքի տակ գտնուող անձի մասով քրէական վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ յանձնուած է դատարան:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն, Քննչական բաժանմունքին մէջ կատարուած համակողմանի քննութեամբ պարզուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին հաւաքագրուած ըլլալով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ` վերջիններուն փոխանցած է ծառայութեան բերումով իրեն յայտնի դարձած ռազմական բնագաւառին վերաբերող բազմապիսի տեղեկութիւններ, որմէ յետոյ պարտաւորագիր գրած է յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու հետ համագործակցութեան վերաբերեալ,  ստացած է համապատասխան ծածկանուն եւ իւրաքանչիւր ամսուան համագործակցութեան դիմաց 500 տոլար վարձատրութեան խոստում:

Անկէ յետոյ յիշեալ անձը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զօրամասի կազմով ընդգրկուած ըլլալով պաշտպանութեան տարբեր տեղամասերու մէջ մարտական գործողութիւններու իրականացման, հակառակորդին  կողմը անցնելով եւ նպատակ ունենալով գործել ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ տարածքային անձեռնմխելիութեան, ունենալով հրթիռաւորի մասնագիտութեամբ բարձրագոյն զինուորական կրթութիւն, տիրապետելով ռէաքթիւ համակարգէ մարտական արձակումներու հմտութիւններուն եւ ղեկավարելով զօրամասի հաշուեկշիռին մէջ գտնուող ռէաքթիւ համակարգերէն մէկը, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան համար N զօրամասի համապատասխան ծառայութեան կողմէ տրուած եւ վերստուգուած ճշգրիտ տուեալներու առկայութեան պայմաններուն մէջ իր ղեկավարած մարտական ռէաքթիւ համակարգէ դիտաւորութեամբ կատարած է ոչ-նպատակային կրակային արձակումներ եւ չէ խոցած հակառակորդին կրակային նշանակէտերը, որուն պատճառով հնարաւոր չէ եղած կատարել հաշուարկի առջեւ դրուած մարտական առաջադրանքը:

Ընդ որում, հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան հակահետախուզական գործունէութիւն իրականացնող մարմիններու տեսադաշտին մէջ յայտնուելէ, բացայայտուելէ խուսափելու նպատակով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները յիշեալ անձին տրամադրած են իրենց  հաղորդակցական կապը քօղարկող յաւելուածով ծրագրաւորուած բջջային հեռախօս` յանձնարարելով զայն չօգտագործել հաղորդակցման նպատակներով, մշտապէս պահել «թռիչքային» կարգավիճակի մէջ, տեղեկութիւնները փոխանցելու համար օգտուիլ հանրային վայրերու մէջ տեղակայուած համացանցի միացման հնարաւորութիւններէն եւ այլն:

Որպէս հետեւանք, քրէական հետապնդման ենթակայ անձը հաւաքած եւ քօղարկուած համացանցային կապի միջոցով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն տեղեկութիւններ տրամադրած է հայրենիքին կողմէ ձեռքբերուած  ռազմական սարքի, ռազմամթերքի, պատերազմի ընթացքին ունեցած զրահասարքի կորուստին վերաբերեալ` տրամադրելով նաեւ իր ծառայութեան զօրամասի բաժանմունքի զինուորներու` անձնակազմի քանակի, զբաղեցուցած հաստիքներու, ամրակցուած զէնք-զինամթերքի վերաբերեալ տեղեկութիւններ պարունակող հաստիքացուցակը, զինուորական ծառայութեան անցնելու պայմաններուն վերաբերեալ ՀՀ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթերը:

Բացի այդ, յիշեալ անձը խոստացած է հաւաքել ու 4.000 տոլար վարձատրութեան դիմաց վերջիններուն յանձնել պետական գաղտնիք հանդիսացող ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան համար N զօրամասի գաղտնի դրոշմագրով մարտական պատրաստուածութեան ծրագիրը, քարտէզները եւ մարտական կարգադրութիւնները, սակայն չէ կրցած յանցաւոր գործունէութիւնը աւարտին հասցնել,  քանի որ  բացայայտուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայողներուն կողմէ:

Այսպիսով, գործով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած անձը  հակառակորդին ընձեռած է իրական հնարաւորութիւն հաւանական մարտական գործողութիւններու ծրագրաւորման ընթացքին կատարելու ուժերու եւ միջոցներու ճշգրիտ հաշուարկներ, որոշելու տարբեր հատուածներու մէջ իր կողմէ խնդիրներու կատարման մէջ ընդգրկուող ուժերու եւ միջոցներու քանակը, տեղակայումները, ինչպէս նաեւ կանխորոշելու Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու յատուկ կարգավիճակի զօրամասերուն կողմէ իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրներու բնոյթը, անոնց կողմէ իրականացուելիք խնդիրներու հնարաւոր ծաւալները եւ հետեւաբար խոչընդոտելու զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն առջեւ դրուած խնդիրներու պատշաճ իրականացումը` այդ կերպ ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան կատարելու պետական դաւաճանութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ միայն 2022 թուականի ընթացքին պետական դաւաճանութիւն կատարելու դէպքերով յարուցուած քրէական վարոյթներով ՀՀ ԱԱԾ Քննչական բաժանմունքի քննիչներուն կողմէ մեղադրական եզրակացութեամբ դատարան յանձնուած են ընդհանուր թիւով 8 քրէական վարոյթներ 15 անձերու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment