Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Եւ Ֆիլիփ Ռիքըր Շեշտած Են ԱՄՆ-ի Դերակատարութիւնը ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ

Արարատ Միրզոյեան Եւ Ֆիլիփ Ռիքըր Շեշտած Են ԱՄՆ-ի Դերակատարութիւնը ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Սեպտեմբեր 9-ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ նորանշանակ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական  Ֆիլիփ Ռիքըրը:

Ողջունելով հիւրը, Արարատ Միրզոյեան յաջողութիւն մաղթած է վերջինիս՝ այս պատասխանատու պաշտօնին մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցերու, միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Շեշտուած է ԱՄՆ` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ երկրի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահութեան ներուժի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման ծիրին մէջ:

Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն` այս ծիրին մէջ մատնանշելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անյապաղ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ` ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment