Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Սամարղանտի Մէջ Պիտի Մասնակցի Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Գագաթաժողովին

Նիկոլ Փաշինեան Սամարղանտի Մէջ Պիտի Մասնակցի Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Գագաթաժողովին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 15-16-ին Ուզպեքստանի Սամարղանտ քաղաքին մէջ որպէս հիւր պիտի մասնակցի Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին: Այս մասին տեղեկութիւն նշուած էր Ուզպեքստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Շերզոտ Ասատովի ֆէյսպուքեան էջով:

Ան գրած է, որ 15 պետութիւններու ղեկավարները Սեպտեմբեր 15-16-ին Սամարղանտի մէջ պիտի մասնակցին Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին:

«Յաջորդ շաբաթ Սամարղանտը պիտի ընդունի Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը: Այդ միջոցառումը պիտի դառնայ ՇՀԿ առաջնորդներու առաջին առերես հանդիպումը 2019 թուականէն ի վեր եւ կազմակերպութեան մէջ Ուզպեքստանի նախագահութեան աւարտը», յայտարարած է Ասատով:

Ասատով նշած է, որ ՇՀԿ-ի մէջ Ուզպեքստանի նախագահութեան ընթացքին հիմնական շեշտը դրուած է տնտեսական եւ առեւտրային կապերու ամրապնդման, արդիւնաբերական համագործակցութեան խթանման, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան փոխկապակցուածութեան ընդլայնման վրայ:

ՇՀԿ գագաթաժողովին, բացի Ուզպեքստանի նախագահ Շաուքաթ Միրզոեւէն, պիտի մասնակցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը, Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը:

Գագաթաժողովին որպէս դիտորդ պիտի մասնակցին Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, Մոնկոլիոյ նախագահ Ուհնաակիյն Խուրելսուխը:

ՇՀԿ գագաթաժողովին որպէս հիւր պիտի մասնակցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Թուրքմէնստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment