Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հարաւային Կովկասի Մէջ Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան Գրաւականը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրն Է». Չաւուշօղլու

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան Գրաւականը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրն Է». Չաւուշօղլու

by MassisPost

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները չորս զրոյց ունեցած են: Խօսքը յարաբերութիւններու աստիճանական կարգաւորման մասին է: Ատրպէյճանի յաղթանակէն յետոյ Թուրքիան հանդէս եկած է յանուն երկարաժամկէտ խաղաղութեան Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս ուղղութեամբ քայլերը կը շարունակուին: Խօսքը Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ այլն մասին է: Առեւտուրի ոլորտին մէջ եւս որոշակի ջանքեր ձեռնարկուած են»: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն «Haber Global» հեռուստաալիքի եթերով:

Միաժամանակ թուրք նախարարը ենթակայական անուանած է Անգարայի եւ Երեւանի երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումներէն առանձին ընկալելու փորձերը:

«Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան գրաւականը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մասշտաբային խաղաղութեան համաձայնագիրն է: Պաքուն հնչեցուցած է իր նախաձեռնութիւնները, որոնց Երեւանը չէ պատասխանած: Ստեղծուած է համատեղ յանձնաժողով, որ պէտք է սկսի  աշխատանքը: Խօսքը նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին է: Սակայն Հայաստանի մէջ մտահոգուած են այս հարցով: Երեւանը պէտք է որոշի` կ’ուզե՞ն արդեօք իրենք խաղաղութիւն», շարունակած է թուրք նախարարը:

Չաւուշօղլուի խօսքով` երկու տարի անց հայկական զօրքերը դեռ չեն լքած «Ատրպէյճանի տարածքը»:

«Կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի ոչ-անկեղծ ըլլալը ակնյայտ է բոլորին: Երեւանը պէտք է իմանայ, որ Անգարան Պաքուէն թաքնուած ծրագիրներ չունի: Մենք հանդէս կու գան յանուն խաղաղութեան», ամփոփած է Չաւուշօղլուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment