Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԽ Գրասենեակը Յայտնած Է, Թէ Ինչու Բալասանեանը Ռուս Խաղաղապահներու Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հետ Այցելած Է Բերձոր

Արցախի ԱԽ Գրասենեակը Յայտնած Է, Թէ Ինչու Բալասանեանը Ռուս Խաղաղապահներու Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հետ Այցելած Է Բերձոր

by MassisPost

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին գրասենեակը հաստատած է, որ ԱԽ քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի եւ ատրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչներուն հետ համատեղ այցելած է Բերձոր:

«Առաւօտ» օրաթերթի կայքէջին մէջ «Վիթալի Բալասանեանը Բերձոր է այցելել ատրպէյճանցի պաշտօնեաների եւ ռուս հրամանատարների հետ» վերտառութեամբ յօդուած հրապարակուած էր, որուն մէջ Բերձորի բնակիչ Սաթիկ Ասատրեանը յայտնած էր, որ Բալասանեանը Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարներուն հետ շրջած է Բերձորի մէջ: Տեղեկութիւնը նաեւ հաստատած էր  Բերձորի քաղաքապետ Նարեկ Ալեքսանեանը:

Պատասխանելով «Արմենփրես» լրատուական գործակալութեան թղթակիցի գրաւոր հարցումին, թէ ո՞րն էր այցելութեան նպատակը եւ ի՞նչ հարցեր քննարկուած են, Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակէն նշեցին.

«Անդրադառնալով Անվտանգութեան Խորհրդի քարտուղարի` քաղաք Բերձոր կատարած այցելութեանը, այն պայմանաւորուած է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած` Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղու շինարարութեան ընթացքին ծանօթանալու նպատակով եւ տեղի է ունեցել Արցախի Հանրապետութիւնում տեղակայուած ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի, ինչպէս նաեւ ադրբեջանական կողմի ներկայացուցիչների հետ համատեղ»:

Հարցումին, թէ արդեօք նմանատիպ այցելութիւններ եղա՞ծ են Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս բնակավայրեր, Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակէն բացասական պատասխան տուած են:

«Արմենփրես»-ի թղթակիցը նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկուին Աղաւնոյի, Բերձորի, Ներքին Սուսի բնակիչներուն պատշաճ եւ անվտանգ տարհանումը մինչեւ Օգոստոս 25 կազմակերպելու համար:

«Տեղեկացնում ենք, որ մնացեալ հարցերով կարող էք դիմել Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան լիազօր մարմիններ», նշած են Արցախի ԱԽ գրասենեակէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment