Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԳՆ-ն Խստիւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Յարձակողական Գործողութիւններու Նոր Ալիքը

Արցախի ԱԳՆ-ն Խստիւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Յարձակողական Գործողութիւններու Նոր Ալիքը

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն Արցախի նկատմամբ յարձակողական գործողութիւններու նոր ալիքը եւ այն կ’որակէ որպէս հայատեացութեան դրսեւորում, տարածաշրջանին մէջ  խաղաղութեան ու կայունութեան խախտման, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան վարկաբեկման հերթական բիրտ փորձ: Արցախի ԱԳՆ-ն այդ մասին յայտարարութիւն տարածած է:

«Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերի Նախարարութիւնը կոչ է անում միջազգային հանրութեանը հասցէական որակաւորում տալ Ատրպէյճանի գործողութիւններին եւ կիրառել համապատասխան քայլեր` սանձելու պաշտօնական Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը: Արցախահայութիւնը հաստատակամ է եւ վճռական` իր հողում ազատ ու ինքնիշխան ապրելու եւ բոլոր դժուարութիւնները արժանապատիւ կերպով յաղթահարելու մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment