Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միրզոյեան Քասփրչիքի Հետ Հանդիպման Դատապարտած Է Եռակողմ Յայտարարութիւններու Կամայական Մեկնաբանութեան, Իրավիճակի Ապակայունացման Ատրպէյճանի Փորձը

Միրզոյեան Քասփրչիքի Հետ Հանդիպման Դատապարտած Է Եռակողմ Յայտարարութիւններու Կամայական Մեկնաբանութեան, Իրավիճակի Ապակայունացման Ատրպէյճանի Փորձը

by MassisPost

Արարատ Միրզոյեան Անճէյ Քասփրչիքին ներկայացուցած է վերջին օրերու ընթացքին տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը:

Նախարար Միրզոյեան դատապարտած է եռակողմ յայտարարութիւններու կամայական մեկնաբանութեան եւ իրավիճակի ապակայունացման ատրպէյճանական փորձերը` ընդգծելով միջազգային հանրութեան` մասնաւորապէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ պետութիւններուն կողմէ իրավիճակի հասցէական գնահատականներու կարեւորութիւնը:

Վերահաստատուած է հայկական կողմի կառուցողական դիրքորոշումը` ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման:

 

4) 2022-ին Հայաստանը Ամէնէն Շատ Զբօսաշրջիկներ Ընդունած Է Ռուսիայէն, Իրանէն, Գերմանիայէն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment