Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոյեմբերի Ընտրութիւնները Եւ Ամերիկայի Քաղաքական Օրակարգը

Նոյեմբերի Ընտրութիւնները Եւ Ամերիկայի Քաղաքական Օրակարգը

by MassisPost

Յառաջիկայ Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան նախագահական կիսաշրջանի ընտրութիւնները: Պատմականօրէն իշխանութեան վրայ եղող կուսակցութիւնը գոնկրէսական աթոռներ կը կորսնցնէ այդ ընտրութիւններուն: Դեմոկրատները, որոնք մեծամասնութիւն են Գոնկրէսի երկու պալատներէն ներս եւ Սպիտակ Տունը կը պատկանի իրենց, գալիք ընտրութիւններուն մեծ հաւանականութեամբ կորսնցնեն իրենց չնչին առաւելութիւնը Ներկայացուցիչներու Տունէն եւ Ծերակոյտէն ներս: Այս կանխատեսումներուն հիմնական պատճառը այն է որ, նախագահ Ճօ Պայտընի ժողովրդականութիւնը, ըստ տարբեր հարցախոյզերու, 40 տոկոսի շուրջ է: Այս անկումը հետեւանք է պէնզինի գիներու բարձրացման եւ սպառողական ապրանքներու սղաճին: Ամերիկացիք ընդհանրապէս կը քուէարկեն իրենց գրպանին համաձայն, իսկ ներկայիս ժողովուրդի դժգոհութիւնը մեծ է երկրի տնտեսութեան վիճակին նկատմամբ, թէեւ անգործութեան մակարդակը իջած է 3.6 տոկոսի, իսկ ամէն ամիս հարիւր հազարաւոր նոր աշխատատեղեր կը բացուին Ամերիկայի տարածքին: Սակայն, ժողովուրդի մօտ կայ մտահոգութիւն` ապագայի նկատմամբ:

Այս բոլորը կու գան մեծապէս ամրապնդելու Հանրապետականներու ընտրական դիրքերը: Սակայն, վերջին ամիսներուն օրակարգի վրայ յայտնուեցան հրատապ նոր հարցեր, որոնք կրնան ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:

Յունուար 6-ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրող գոնկրէսական յատուկ յանձնաժողովի հրապարակային լսումները կը հեռարձակուին հեռատեսիլներու վրայ եւ միլիոնաւոր մարդիկ առաջին անգամ ըլլալով կը տեղեկանան որ,  Գափիթոլի շէնքին վրայ կատարուած յարձակումը  ինքնաբուխ իրադարձութիւն մը չէ եղած, այլ կը կրէր կազմակերպուած բնոյթ: Ըստ վկայութիւններու,  ընտրութիւններու արդիւնքները մերժող նախկին նախագահն ու իր շրջապատը օրեր առաջ ծրագրած են այդ յարձակումը` օգտագործելով նաեւ ծայրայեղ աջ միլիսիաներ, որոնք կարողացան  ներխուժել Գոնկրէսի շէնքէն ներս ու յաջողեցան մի քանի ժամ առկախել նոր նախագահի ընտրութիւնը հաստատող  սահմանադրական գործընթացը: Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, երկիրը մազապուրծ ազատած է յեղաշրջումէ մը, որ կրնար լուրջ տագնապի առջեւ դնել Ամերիկան:

Երկրորդ հարցը, որ յառաջ եկաւ վերջին շաբաթներուն եւ կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւններու ժամանակ, Գերագոյն Դատարանի վիժումի հարցով որոշումն էր: Դատարանը շրջելով 1973-ի իր նախկին որոշումը, որ վիժումը կը դարձնէր օրինական Ամերիկայի տարածքին, եկաւ ըսելու թէ, իւրաքանչիւր նահանգ կրնայ ինք որոշել` վիժումը արտօնուած է թէ ոչ: Այս որոշումի հիման վրայ Հանրապետականներու կողմէ ղեկավարուող նահանգները անմիջապէս փակեցին վիժում կատարող առողջապահական կեդրոնները` ամբողջութեամբ արգիլելով վիժումը, նոյնիսկ այն պարագաներուն երբ մօր կեանքին վտանգ կը սպառնայ եւ կամ յղութիւնը յառաջացած է բռնաբարութեան հետեւանքով: Այս ծայրայեղ մօտեցումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց միլիոնաւոր կանանց մօտ, որոնք եթէ նոյնիսկ անձնապէս համաձայն չեն վիժումի գաղափարին հետ, սակայն կը մերժեն կանանց ազատութիւններու սահմանափակումը:

Երրորդ հարցը որ այսօր օրակարգի վրայ է, կը վերաբերի զէնքի վաճառքին ու օգտագործման: Խմբային սպանութիւնները դարձած են Ամերիկեան կեանքի մէկ անբաժան մասը: Այս տարուայ սկիզբէն ի վեր տեղի ունեցած են 300 խմբային սպանութիւններ, որոնցմէ վերջինը Յուլիս 4-ի Անկախութեան Տօնին առթիւ տեղի ունեցող աւանդական  տողանցքի ընթացքին Շիքակոյի արուարձաններէն` Հայլէնտ Փարքի մէջ կատարուած սպանութիւններն էին: Անկէ առաջ Թեքսասի Ուվալտի քաղաքին մէջ նախակրթարանի ուսանողներու սպանդն էր, որուն զոհ գացին 19 ուսանողներ եւ երկու ուսուցիչներ:  Անկէ շաբաթ մը առաջ Պաֆըլոյի «սուփըրմարքէթներէն» մէկուն մէջ տեղի ունեցած սպանութիւններն էին: Մէկ խօսքով, Ամերիկացիք ապահով չեն ոչ մէկ տեղ:

Դեմոկրատները տարիներէ ի վեր կը փորձեն արգիլել յաջորդական փամփուշտներ արձակող զէնքերու վաճառքը: Հակառակ որ, հանրային կարծիքի մեծամասնութիւնը կողմ է այդ առաջարկին, Հանրապետականները, որոնք կը գտնուին զէնք արտադրող ընկերութիւններու լոպպիի ազդեցութեան տակ, կը մերժեն ընթացք տալ այդ քայլին: Օրէնքը ընդունման համար Ծերակոյտէն ներս պէտք է ապահովել առնուազն  60 ձայն, ինչ որ չունին Դեմոկրատները:

Այսպիսով, Ամերիկացի ժողովուրդը ընտրութիւններուն պիտի ներկայանայ վերոյիշեալ  բոլոր հարցերը իր մտքին մէջ ունենալով: Պիտի շարունակէ՞  ան քուէարկել իր գրպանին համաձայն, թէ՞ նկատի պիտի առնէ նաեւ միւս հարցերը եւս: Պատասխանը յայտնի կը դառնայ Նոյեմբեր 8-ին:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment