Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Ընդունած Է Եւրոմիութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը

Վարչապետը Ընդունած Է Եւրոմիութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

Փաշինեան բարձր գնահատած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերը` տարածաշրջանին մէջ փոխըմբռնման ու կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին, խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն: Մասնաւորապէս, միտքեր փոխանակուած են Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ կայացած եռակողմ հանդիպումներու արդիւնքներուն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ:

«Կարեւորուած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան հետեւողական ուշադրութիւնը, մասնաւորապէս, ԼՂ հակամարտութեան գօտի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան ու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի ապահովումը` հաշուի առնելով արդէն իսկ հայկական շարք մը կոթողներու ոչնչացման ուղղութեամբ իրականացուած քայլերը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment