Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համեմատականներ` Արցախի Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմներուն Միջեւ

Համեմատականներ` Արցախի Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմներուն Միջեւ

by MassisPost

Աշխարհի ուշադրութիւնը կը շարունակէ սեւեռուած մնալ Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն վրայ: Ռու­սական բանակը, թէեւ դանդաղ, կը շարունակէ արձանագրել յառաջխաղացք, սակայն տակաւին շատ հեռու է հասնելու իր հիմնական նպատակներուն: Ամերիկեան վարչակազմը, որ պատերազմի ա­ռա­ջին օրերուն կը նախատեսէր Քիեւի մօտակայ անկումը, այժմ փոխած է իր լեզուն եւ կը խօսի վերջ­նական արդիւնքով Ռուսիոյ պարտութեան մասին:

Արեւմուտքը կը փորձէ արգիլել ինքնիշխան երկրի մը գրաւումը միջուկային զէնքի մեծ պաշարներ ունեցող պետութեան մը կողմէ եւ հսկայ քանակութեամբ զինամթերք կը փութացնէ ուքրանական բա­նակին, որու շնորհիւ ան երկու շաբաթէ ի վեր կը կարողանայ դիմադրել աւելի լաւ զինուած ռուսա­կան զօրքերուն:

Ուքրանիոյ ցուցաբերուող լայն զօրակցութիւնը եւ միջազգային լրատուամիջոցներու կեդրոնա­ցու­մը պատերազմին մարդկային ողբերգութիւններուն վրայ՝ հայութեան մօտ տարակուսանք կը յառա­ջացնէ, թէ ինչո՞ւ աշխարհը լուռ էր, երբ Ատրպէյճան Թուրքիոյ օժանդակութեամμ պատերազմ շղթայա­զերծեց Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ խլելով հազարաւոր զոհեր, պատճառելով աւերածութիւն ու տեղահանութիւն:

Կրկնակի չափանիշերու կիրառումը նորութիւն չէ մեծ պետութիւններուն կողմէ, որոնք միշտ ալ կը շար­ժին իրենց քաղաքական ու տնտեսական շահերէն մղուած: Հարաւային Կովկասը Արեւմուտքին հա­մար մեծ հետաքրքրութիւն չէր ներկայացներ ու զայն կը նկատէր ռուսական գօտի: Միւս կողմէ, Ռու­սիոյ շահերը որոշ չափով կը համընկնէին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն հետ, որուն զոհ գացին Ար­ցախն ու Հայաստանը:

Կայ նաեւ կարեւոր հանգամանք մը եւս: Որքան ալ մեզի համար հաճելի չէ ընդունիլ, սակայն Պա­քու յաջողած էր համոզել ազդեցիկ երկիրները, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջի եօթը շրջանները Հա­յաստանի կողմէ գրաւուած տարածքներ էին, որոնք պէտք է վերադարձուէին Ատրպէյճանի: Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահութեամբ գործող Մինսքի Խումբի խաղաղ կարգա­ւոր­ման բոլոր առաջարկներուն մէջ դրուած էր այդ եօթը շրջաններու վերադարձի նախապայմանը։ Հա­յաստանի իրարայաջորդ կառավարութիւնները եւս ընդունած էին այդ սկզբունքը, սակայն համարձա­կու­թիւնը չունէին այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու դիմելու: Միակը, որ պատրաստ էր խաղա­ղու­թեան դիմաց վերադարձնելու որոշ տարածքներ՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն էր, զոր ծանօթ ուժեր ստիպեցին հրաժարելու իր պաշտօնէն: Անոնք իշխանութեան գալով՝ փորձեցին վարել ժա­մանակ շահելու քաղաքականութիւն՝ խորհելով, որ «ոչ-պատերազմ, ոչ-խաղաղութիւն» իրավիճակը կրնան երկարաձգել յաւիտեան: Այս ռազմավարութիւնը կարելի կ’ըլլար յաջողութեամբ պսակել եւ Ատրպէյճանը մղել համակերպելու ստեղծուած կացութեան հետ, եթէ Հայաստան կարենար բանակի սպա­ռազինութեան գծով առաւելութիւն կամ առնուազն հաւասարակշռութիւն պահպանել Ատրպէյճանի հետ:

44-օրեայ պատերազմին ընթացքը եւ արդիւնքը եկան բացայայտելու, որ նախկին քսանամեայ իշ­խա­նութեան օրօք հայկական բանակին արդիականացումը եղած է խիստ թերի: Այդ տարիներուն Ատր­պէյ­ճան իր բանակին վրայ ծախսած է ութ անգամ աւելի, քան հայկական կողմը: Որքան ալ ըսուի, թէ Ատրպէյճան քարիւղ արտադրող երկիր էր եւ ունէր աւելի մեծ հնարաւորութիւններ, սակայն պէտք է ըն­դունինք նաեւ, որ Հայաստան կրնար աւելին ընել իր զինուած ուժերուն հզօրացման համար: Եթէ երկ­րէն ներս կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը համատարած բնոյթ չունենային ու պետական գումար­ներ մսխուած չըլլային անհատական հարստութիւն դիզելու համար, հայոց բանակը անկասկած պիտի գտնուէր աւելի լաւ վիճակի մէջ ու զսպել կարենար թշնամիին նկրտումները:

Ուքրանիոյ շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւնները պէտք է մղեն մեզ ըլլալու շատ աւելի իրատես ու շրջահայեաց: Հայաստան՝ իր պաշտպանութեան համար չի կրնար ապաւինիլ այլ պետութիւններու եւ պէտք է կարենայ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն հետ հաստատել բնականոն յարաբերութիւններ՝ առանց զիջելու իր ազգային շահերէն, զուգահեռաբար արդիականացնելով իր բանակը ու հզօրացնե­լով անոր կարողութիւնները:

Այդ ուղղութեամբ է, որ կը գործէ ներկայ կառավարութիւնը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment