Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուքրանիան՝ Համաշխարհային Նոր Համակարգի Զոհասեղանին

Ուքրանիան՝ Համաշխարհային Նոր Համակարգի Զոհասեղանին

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Մեր այս յօդուածը փորձ մըն է քակելու այն տեղեկատուական խառնաշփոթի կծիկը, որ հրապարակ նետուեցաւ Ռուսական զօրքերուն Ուքրանիա ներխուժմամբ: Այդ ընելու համար, որպէս ենթահող, յարմար նկատեցինք երեք մէջբերումներ կատարել մօտ երկու տարի առաջ մեր գրած յօդուածներէն:

Ա. «Մասիս»-ի 4 Յունուար 2020 թիւին մէջ լոյս տեսած մեր «Ազգայնականութիւն եւ Համաշխարհայնացում» յօդուածին մէջ կը գրէինք, որ «Համաշխարհային նոր համակարգի մը կազմաւորման փուլին մէջն ենք եւ եթէ ազգովին ճիշդ չկողմնորոշուինք, ապա հետեւանքները կրնան աղետալի ըլլալ: …Պերլինի Պատի քանդումը (1989), երկու Գերմանիաներու վերամիաւորումը (1990), ինչպէս նաեւ Սովետական Միութեան փլուզումը (1991) մեկնակէտը կարելի է համարել համաշխարհային նոր համակարգի մը ստեղծման գործընթացին, որու արդիւնքներէն մին հանդիսացաւ նաեւ Հայաստանի նորանկախ Հանրապետութիւնը»: Ապա ամփոփ վերլուծումը տալով անցնող 2000 տարիներու համաշխարհային պատմութեան կարեւորագոյն եղելութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան մեր ազգի վրայ, կը գրէինք, որ մեծ պետութիւնները կը հետապնդեն ծաւալողական նպատակներ՝ «Զինուորական, հաղորդակցական, տնտեսական եւ այլ միջոցներով տիրապետելու միւս ազգութիւններուն վրայ: Իրենց նպատակներուն իրագործման համար, անոնք «վերահսկելի» բռնկումներ կը ստեղծեն աշխարհի տարածքին: Բայց եթէ յանկարծ «վերահսկելի»ն խախտի ու հսկողութեան սահմաններէն դուրս գայ, ապա հաւանականութիւնը մեծ է, որ պատճառ դառնայ Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմի բռնկման: Բոլորս ալ գիտակից ենք , որ ի՜նչ ահաւոր վնասներ կրեցինք համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու ընթացքին: Հետեւաբար, պէտք է լրջորէն մտահոգուինք երրորդի հաւանական հետեւանքներով եւ ըստ այնմ պատրաստուինք»:

Բ. Ամիսներ ետք, երբ Արցախեան պատերազմը ընթացքի մէջ էր, «Մասիս»-ի 24 Հոկտեմբեր 2020 թիւին մէջ լոյս տեսած մեր «ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնը եւ Արցախեան ազատամարտը» յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Տեսանելի երեւոյթ է նաեւ, որ համաշխարհային այս նոր համակարգի կազմաւորումը չընթանար ԱՄՆ-ի նպաստաւոր ուղութեամբ ու հետեւաբար կը սպառնայ անոր վայելած տիրապետութեան սահմանափակման: Սպառնացողը եւ գոյութիւն ունեցող համաշխարհային կարգավիճակը (staus quo) խախտողը Ռուսիան չէ, այլ՝ Չինաստանը, որ վերջին տասնամեակներուն հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ, իրեն իւրայատուկ դրամատիրական ու համայնավարական տեսութիւններու խառնուրդ մենատիրական վարչակարգով մը: Մեր համեստ կարծիքով, Թրամփի անհաւանական թուացող 2016-ի ընտրութիւնը փորձ մըն էր անկայունացնելու համաշխարհային իրավիճակը եւ ստեղծուած խառնաշփոթութեան ընդմէջէն նոր ուղիներ որոնելու, որոնք կրնային պահպանել ԱՄՆ-ի գերակայութիւնը»:

Գ. «Մասիս»-ի 31 Հոկտեմբեր 2020 թիւին մէջ լոյս տեսած մեր «Հայ-Ռուսական յարաբերութիւնները եւ Արցախեան ազատամարտը» յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Մենք կը խորհինք, որ Թուրքիան ԱՄՆ-ի «օրհնութեամբ» շղթայազերծեց այս պատերազմը, նպատակադրելով անկայունութիւն ստեղծել Ռուսիոյ եւ Իրանի համար, որ օգտակար պիտի ըլլայ իրենց, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի համար: …Արդեօ՞ք Ռուսիան կորսնցուցած է իր նախկին մենաշնորհը, իր կամքը պարտադրելու շրջանի տարածքին վրայ: Արդեօ՞ք անոր ներքին եւ արտաքին խնդիրները արգելք կը հանդիսանան տարածաշրջանին մէջ անոր ազատ գործունէութեան: Ու՞ր է այն սահմանը, որ պիտի ստիպէ Ռուսիոյ աւելի կտրուկ միջոցներու դիմելու, պաշտպանելու համար իր կենսական շահերը»:

Ըստ երեւոյթին, Ուքրանիան հանդիսացաւ այդ սահմանը: Բայց որպէսզի չտարուինք մակերեսային ապատեղեկատուութիւններէ, փորձենք հասկնալ, որ ինչպէ՞ս հասունացաւ  այս ճգնաժամը: Ուրեմն, վերադառնանք մեր այս յօդուածի սկիզբին նշած Պերլինի Պատին, Գերմանիաներու վերամիաւորման եւ Սովետական Միութեան փլուզման, որ մեկնակէտը համարեցինք համաշխարհային նոր համակարգի մը ստեղծման գործընթացին: Յիշենք, որ 1985-էն սկսեալ ՍՍՀՄ ընդհանուր քարտուղար Միխայիլ Կորպաչով սկսած էր իր Վերակառուցման գործընթացին (Perestroika/Glasnost): Ան համաձայնեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար  Ճէյմս Պէյքըրի եւ Արեւմտեան Գերմանիոյ Արտգործ նախարար Հանս Տիթրիխ Կէնշըրի (հաւանութեամբը նաեւ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի) որ հաւանութիւն պիտի տայ Գերմանիաներու վերամիաւորման, պայմանաւ որ ՆԱԹՕ-ն իր ազդեցութեան գօտին պիտի չտարածէ արեւելեան Եւրոպայի վրայ: Սակայն հազիւ տասնամեակ մը ետք, 1999-ին ու ապա 2004-ին , ԱՄՆ-ը ոչ միայն դրժեց այդ համաձայնութիւնը, այլ աւելին, ՆԱԹՕ-ի անդամ դարձուց արեւելեան Եւրոպայի նորանկախ 14 երկիրներ: Չբաւականանալով այդքանով, ԱՄՆ-ը դրդեց Վրաստանին առճակատման երթալու Ռուսիոյ հետ 2008-ին, որուն հետեւանքով Ռուսաստան իր հսկողութեան տակ առաւ Ապխազիան եւ Օսեթիան: Դարձեալ չբաւականանալով այդքանով, ԱՄՆ-ը նաեւ դրժեց նախագահ Քլինթընի օրով տրուած այն խոստումը, որ ՆԱԹՕ-ն մարտական զօրքեր պիտի չտեղակայէ այդ երկիրներուն մէջ, այդ ընելով Պալթեան երկիրներուն (2014) եւ Լեհաստանի մէջ (2017): Իսկ 2014 թուին ԱՄՆ-ի դրդմամբ «գունաւոր» յեղափոխութեամբ Ուքրանիոյ ռուսամէտ նախագահ Եանուքովիչը ապաստանեցաւ Ռուսիա, որ պատասխանեց Խրիմի թերակղզիի կցմամբ:

Ինչպէս կը տեսնէք, ԱՄՆ-ն է, որ միշտ կը փորձէ տարածելու իր ազդեցութիւնը, նոյնիսկ դրժելով իր կնքած  համաձայնութիւնները: 1823-էն ի վեր ԱՄՆ-ը հռչակած է իր Մոնրօ վարդապետութիւնը, հիւսիսային, կեդրոնական եւ նոյնիսկ հարաւային Ամերիկան նկատելով իր ազդեցութեան գօտին: Այդ պատճառաւ է, որ 1962-ին չհանդուրժեց Սովետական հռթիրներու տեղակայումը Քուպայի մէջ, ու աշխարհ սարսափով ապրեցաւ համաշխարհային պատերազմի մը պայթումին հաւանականութիւնը: Այդ պատճառաւ էր դարձեալ, որ 1973-ին չհանդուրժեց Չիլիի մէջ նոյնիսկ ժողովրդավար քուէարկութեամբ ընտրուած նախագահ Սալվատոր Այէնտէն, կազմակերպելով անոր սպանութիւնը եւ անոր տեղ բերելով իր կամակատարը՝ Օկուսթօ Փինոշէն: Ուրեմն, սպասելի չէ՞, որ երբ ԱՄՆ-ը  իր կամակատարը կը հաստատէ Ռուսիոյ սահմանին կպած եւ մասամբ ռուսերէ բաղկացած Ուքրանիոյ մէջ, Ռուսաստանն ալ մեկնած իր ապահովութեան շահերէն հակազդէ այդ քայլին:

Դժբախտաբար մեծերու այս խաղին զոհ կ’երթան փոքրերը, կրելով ահաւոր վնասներ: Դժբախտութիւնը հոն է նաեւ, որ մեծերը, իրագործելու համար իրենց ծրագիրները,  միշտ ալ կը յաջողին իրենց վարձկաններն ու կամակատարները սնուցել տուեալ երկրին մէջ եւ զանոնք հասցնել իշխանութեան, միշտ ալ բարեկարգումներու շղարշին տակ: Ու երբ այլեւս այդ կամակատարներուն պէտքը չի զգացուիր, կ’ազատին անոնցմէ, ինչպէս եղաւ պարագան Մոհամէտ Ռեզա Փահլաւիին, Սատտամ Հիւսէյնին, Մուամմար Քազաֆիին, եւայլն: Երկար է շարքը այն փոքր պետութիւններուն, որոնք միայն վերջին քանի մը տասնամեակներուն զոհաբերուեցան ու աւերուեցան, սկսած Միջին Արեւելքի երկիրներէն (Իրաք, Սուրիա, Լիպիա, Եմէն), անցնելով Ափրիկէէն (Սոմալիա, Լիպիա), Միջին Ասիայէն (Աֆղանիստան), նոյնիսկ Արեւելեան Եւրոպայէն (Սերպիա, Պոսնիա, Քոսովո), հասնելու համար Հայաստանին եւ Ուքրանիոյ:

Այս բոլորի լոյսին տակ, բնականաբար ի մտի կու գայ նախագահ Այզընհաուըրի սարսափելի նախազգուշացումը, կատարուած իր հրաժեշտի ուղերձին մէջ 17 Յունուար 1961-ին: Ան ժողովրդավար իշխանութեան  սպառնալիք կը նկատէր պաշտպանական կապալառուներու եւ զինեալ ուժերու ահեղ միութիւնը: Որպէս համաշխարհային պատերազմի բովէն անցած եւ արհաւիրքներու ականատես զօրավար, ան կը նախազգուշացնէր մեզ այն աւերներէն, որ պիտի գային ռազմական հաստատութեան (բանակի) եւ զինամթերքի արտադրութեան ուժերու միջեւ գոյացող միութեամբ: Ահաւասիկ այս ուժն է, այսպէս կոչուած «շան գլուխ»ը, որ տագնապներ կը ստեղծէ աշխարհի տարածքին, միշտ եւ միայն հետամուտ իր շահերուն: Երբ ի մտի կ’ունենանք, որ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ի վեր մօտ 300 հակամարտութիւններ պատահած են աշխարհի տարածքին, եւ ԱՄՆ-ը մեծ բաժին ունեցած է ասոնց մէջ, ապա աւելի կը հիմնաւորուի Այզընհաուրի նախազգուշացումը:

Վերադառնալով մեր այն հաստատումին, որ համաշխարհային ներկայ համակարգին սպառնալիքը չգար Ռուսիայէն, այլ՝ Չինաստանէն, հարց կը ծագի, որ ուրեմն ի՞նչ կը հետապնդուի Ուքրանիա-Ռուսիա այս հակամարտութեան ստեղծմամբ: Շատ հաւանական է, որ այս հակամարտութիւնը նախատիպն է ապագային գալիք Թայուան-Չինաստան հակամարտութեան, եւ ուրեմն բաւական դասեր կարելի է քաղել ասկէ, ըստ այնմ ծրագրելու ապագայի այդ հակամարտութիւնը: Հաւանական է նաեւ , որ ԱՄՆ կը փորձէ այսպիսով «գունաւոր» յեղափոխութիւն մը հասունցնել նոյնինքն Ռուսիոյ մէջ եւ Փութինին տապալումով եւ «Ելցին» մը բերելով իր ազդեցութեան տակ առնել Ռուսիան, զօրացնելով իր դիրքը Չինաստանի դէմ գալիք հակամարտութեան պարագային: ԱՄՆ-ի փորձագէտները տեղեակ չե՞ն, որ նափոլէոններու եւ Հիթլըրներու չյաջողուեցաւ այդ մէկը եւ պիտի չյաջողուի այս պարագային ալ, որովհետեւ Ռուս ժողովուրդը բնազդային զգացողութեամբ պիտի համախմբուի իր առաջնորդին շուրջ, նոյնիսկ եթէ ան արիւնարբու Սթալին մը ըլլայ:

Աւարտենք մեր խորհրդածութիւնները հարցումով մը. այս բոլորի լոյսին տակ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ընելիքը: Պատասխանը տուած էինք վերեւ նշած մեր «Ազգայնականութիւն եւ Համաշխարհայնացում» յօդուածի աւարտին: Կը մէջբերենք. ««Մէկը բոորին, բոլորը մէկին» ազգային հաւաքական գիտակցութեան ընկալումը պէտք է դարձնենք մեր առաջնահերթութիւնը, զայն ընդելուզելով մեր ապրելակերպին եւ գործելակերպին մէջ: …Մեր պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ մեր ազգային առողջ բնազդով մենք յաջողած ենք հայացնել օտարածին Պարթեւները, Մամիկոնեաններն ու Բագրատունիները, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են մեր յաւերժի երթին մէջ: Ի՞նչը կ’արգիլէ Հայաստանի բնակիչ հային եւ սփիւռքահային, արեւելահային եւ արեւմտահային, անշահախնդիր ներդրումով եւ միասնական ուժերով նպաստելու մեր յաւերժի երթին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment