Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յովիկ Աբրահամեան Վաճառած Է Մոնումենթի Դղեակը, Որու Վրայ Արգելանք Դրուած Էր

Յովիկ Աբրահամեան Վաճառած Է Մոնումենթի Դղեակը, Որու Վրայ Արգելանք Դրուած Էր

by MassisPost

Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յաջողած է վաճառել Մոնումենթի մէջ կառուցած շքեղ առանձնատունը, թէեւ Դատախազութիւնը դեռ երկու տարի առաջ արգիլած էր Կադաստրի կոմիտէին անոր շուրջ որեւէ գործարք կատարել: «Ազատութիւն»ը փորձած է Գլխաւոր Դատախազութենէն պարզել, թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ թոյլատրած է դղեակի վաճառքը, որու ձեռք բերման օրինականութիւնը տարիներ շարունակ կասկածի տակ կը դրուէր` ամենաբարձր մակարդակով:

Դատախազութիւնը արգելանք դրած էր Յովիկ Աբրահամեանի տան վրայ, քանի որ այն պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման գործով իրեղէն ապացոյց համարուած էր: Քննութիւնը շարունակուած էր աւելի քան երեք տարի, փաստացի` առանց արդիւնքի:

Նախկին վարչապետին ընտանիքը, մինչդեռ, շատ աւելի արագ գործած էր: Անցեալ Նոյեմբերին, մասնաւորապէս, Աբրահամեանի որդին` Արգամը, դատարանէն պահանջած էր չեղարկել առանձնատան վրայ դրուած սահմանափակումները: Չորս ամիս անց Առաջին Ատեանի Դատարանը բաւարարած էր դիմումը: Ու թէեւ Գլխաւոր Դատախազութիւնը դիմած էր Վերաքննիչ, այդ դէպքերու հետագայ զարգացման վրայ առանձնապէս չէ ազդած:

Դատախազութենէն կը նշեն, որ այժմ «միջոցներ են ձեռնարկւում Աբրահամեանների առանձնատան «հնարաւոր օտարման եւ դրան առնչուող մնացած բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ»:

Կադաստրի Պետական Կոմիտէէն ստացուած տեղեկանքին համաձայն` Աբրահամեանները իրենց հսկայական տան գնորդը գտած են ընդամէնը երկու շաբթուայ մէջ: Մարտի սկիզբը արդէն այս շէնքը վաճառուած է ոմն Լիլիթ Պետրոսեանի: Ըստ Civilnet.am-ի հետաքննութեան` վերջինս 2,5 միլիառ դրամ կամ մօտ 5 միլիոն տոլար վճարած է առանձնատան համար, որ խորհրդարանի նախկին ղեկավարը կառուցած էր Ազգային Ժողովի շէնքին նմանութեամբ:

Շէնքին նոր սեփականատէրը գործարար Նարեկ Նալպանտեանի կինն է, որ աւելի վաղ ձեռք բերած էր նաեւ Մաքսային Կոմիտէի նախկին նախագահ Արմէն Աւետիսեանին պատկանող «Կոլտըն Փելես» պանդոկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment