Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մխիթարեանը Կը Դադրեցնէ Հանդէս Գալ Ազգային Հաւաքականին Մէջ

Մխիթարեանը Կը Դադրեցնէ Հանդէս Գալ Ազգային Հաւաքականին Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ, իտալական «Ռոմա»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան կ’աւարտէ իր մասնակցութիւնը ընտրահաւաքականի կազմին մէջ:

«Այս եզրայանգմանն եմ եկել Նոյեմբերին Գերմանիայի դէմ կայացած իմ վերջին խաղից յետոյ: Կարծում եմ, որ ճիշդ ժամանակն է եւ, որ տուել եմ իմ հաւաքականին ամէնը` ինչ կարող էի», գրած է ան իր ֆէյսպուքեան էջով:

Մխիթարեան յաւելած է, որ յառաջիկայ տարիներուն ամբողջութեամբ կեդրոնացած պիտի ըլլայ ակումբային մրցումներու վրայ:

Նոյեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2022 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան ընտրական մրցաշարքի վերջին` 10-րդ խաղին 1-4 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Գերմանիոյ հաւաքականէն եւ մրցաշարքը աւարտած էր «J» խումբի 4-րդ հորիզոնականին վրայ:

33-ամեայ ֆութպոլիստը Հայաստանի ազգային հաւաքականի լաւագոյն ռմբարկուն է, իսկ 2015 թուականէն` աւագը:

Ութ անգամ (եօթը անգամ անընդմէջ) դարձած է Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ: Ան կը համարուի Հայաստանի ազգային հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն` 88 խաղի մէջ նշանակած 30 կոլով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment