Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Աւելի Հասկնալի Պիտի Ըլլայ Աշխարհին, Աշխարհն Ալ` Հայաստանին․ Վարչապետ

Հայաստանը Աւելի Հասկնալի Պիտի Ըլլայ Աշխարհին, Աշխարհն Ալ` Հայաստանին․ Վարչապետ

by MassisPost

Հայաստանը աւելի հասկնալի պիտի ըլլայ աշխարհին, աշխարհն ալ` աւելի հասկնալի Հայաստանին: Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան 30-ամեակին նուիրուած միջոցառման ընթացքին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Սա ունի մի շատ գործնական նպատակ` բազմապատկել, բարելաւել բնականոն զարգացման հնարաւորութիւնները, ապահովել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը», նշած է Փաշինեան, անվտանգութեան ապահովման ամենագործուն երաշխիքը համարելով խաղաղութիւնը:

Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն մէջ նոր աշխուժութիւն ի յայտ եկած է եւ այն պէտք է զարգացնեն, ըսած է վարչապետը` շարունակելով, որ աշխոյժ երկխօսութիւն տեղի կ’ունենայ Իրանի հետ, որ պէտք է կարենան ամրագրել ճշգրիտ արդիւնքներով:

Շեշտելով, որ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով մեկնարկած է Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւն, օրակարգին վրայ է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններու սահմանազատման ու սահմանագծման հարցը, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններու մեկնարկին հարցը` Փաշինեան ընդգծած է, որ այս ծիրին մէջ մեծագոյն խնդիր եւ առաջնահերթութիւն կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին կարգաւորումը, վերահաստատելով որ հարցին կարգաւորումը կը պատկերացնեն ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կողմէ յառաջ քաշուած սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ:

«Արցախի հայութեան իրաւունքների լիարժէք եւ ամբողջական պաշտպանութիւնը մեր արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն հարցերից է», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` ընդգծելով, որ այս եւ արտաքին քաղաքական օրակարգի բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ Հայաստանը այսօր աշխոյժ երկխօսութեան մէջ է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն հետ:

«Ռուսաստանը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը»
Խօսելով Ռուսաստանի մասին, վարչապետը ըսած է, որ այն կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն ու դաշնակիցը, որուն հետ «յարաբերութիւնները գտնւում են բարձր մակարդակի վրայ, բնականոն զարգացում են ապրում, ինչն ամրապնդւում է ԵԱՏՄ-ում, ՀԱՊԿ-ում եւ ԱՊՀ-ում մեր համատեղ մասնակցութեամբ»:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների հետ մենք ռազմավարական երկխօսութիւն ենք սկսել եւ համոզուած ենք, որ այն բնականոն կերպով կը շարունակուի», նշած է Փաշինեան` շարունակելով․ «Ֆրանսայի հետ Հայաստանը շարունակում է ունենալ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ եւ մեր խնդիրն է` այդ յարաբերութիւններն աւելի հարստացնել տնտեսական օրակարգերով»:

«Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները պիտի ունենան համաշխարհային հետեւանքներ»
Անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն, վարչապետը ընդգծած է, որ սրտի կսկիծով կը հետեւին ծաւալող գործողութիւններուն, որոնք հիմա արդէն ակնյայտ է, որ պիտի ունենան համաշխարհային հետեւանքներ:

«Մեր յոյսն է, որ նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները կը կայանան եւ արդիւնք կ’ունենան եւ դիւանագիտութիւնը կը կարողանայ լռեցնել թնդանօթները», ըսած է Հայաստանի վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment