Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Թուրքիոյ Պատասխանատուութիւնն Է․ Կիրակոսեան

Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Թուրքիոյ Պատասխանատուութիւնն Է․ Կիրակոսեան

by MassisPost

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի արդիւնքին բեռը, փորձութիւնը եւ մարտահրաւէրը ինկած է միայն թրքական կողմին վրայ, ըսաւ Տարածաշրջանային Հետազօտութիւններու Կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեանը` շեշտելով, որ հայ-թրքական գործընթացը Թուրքիոյ տապալած քաղաքականութիւնն էր:

Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն էր` մերժել դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ պահել փակ սահմանը, որ չբերաւ որեւէ զիջումներու Հայաստանի կողմէ, ըսաւ Կիրակոսեան` նկատելով, որ Հայաստանը առանց նախապայմաններու քաղաքականութիւն կը վարէ, պատասխանատուութեան բեռը Թուրքիոյ վրայ է` ապացուցելու իր անկեղծութիւնը:

«Եթէ նրանք վերջին պահին յառաջ քաշեն որեւէ նախապայման, կամ եթէ Ատրպէյճանը փոխի իր դիրքորոշումը, Հայաստանը չէ որ պիտի տուժի, դա կը լինի Թուրքիայի դիւանագիտական հնարաւորութեան աւարտը», ըսաւ վերլուծաբանը:

Հարցին, թէ օրինակ, հայ-թրքական սահմանի բացումը, իրատեսակա՞ն ակնկալիք է, Կիրակոսեան պատասխանեց` դա ոչ միայն իրատեսական է, այլ նուազագոյն ակնկալիքն է:

«Այլ կերպ ասած, Թուրքիան Հայաստանի հարեւանն է, դուր է գալիս դա մեզ, թէ ոչ: Սահմանի բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատումը այն պարզ նուազագոյնն է, որ երկու հարեւաններ կարող են ունենալ: Սա Թուրքիայի համար պարգեւատրում չէ կարգաւորում իրականացնելու համար, ոչ էլ Հայաստանի պարտութիւնը, սա հիմնական նուազագոյնն է: Այս ծիրին մէջ յարաբերութիւնների կարգաւորումը հաշտեցում չէ, ոչ էլ պէտք է դիտարկուի որպէս որեւէ տեսակի մերձեցում, սա մեկնարկային կէտն է», ըսաւ վերլուծաբանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment