Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Քլաար Քննարկած Են Եւրոպական Միւթեան 2,6 Միլիառ Եւրոյի Ներդրումային Փաթեթի Իրականացումը

Փաշինեան Եւ Քլաար Քննարկած Են Եւրոպական Միւթեան 2,6 Միլիառ Եւրոյի Ներդրումային Փաթեթի Իրականացումը

by MassisPost

Ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին, եւ ՀՀ իշխանութիւններուն նուիրուածութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործընթացին անբեկանելի է: Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ընդունելով Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը` Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինի ուղեկցութեամբ:

Վարչապետը կարեւորած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ այդ ուղղութեամբ համատեղ ջանքերը:

Զրուցակիցները քննարկած են ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին համար նախատեսուած 2,6 միլիառ եւրոյի ներդրումային փաթեթի իրականացման ուղղութեամբ աշխատանքներու ընթացքին վերաբերող հարցեր: Այդ ծիրին մէջ, առանձնակի կարեւորուած է Սիւնիքի մարզին մէջ 80 միլիոն եւրոյի փաթեթի արդիւնաւէտ կեանքի կոչումը:

Վարչապետը բարձր գնահատած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շաէլ Միշէլի ջանքերը` տարածաշրջանին մէջ փոխըմբռնման ու կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի լիցքաթափման ու կայունութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն: Մասնաւորապէս, միտքեր փոխանակուած են Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին ու Ֆրանսայի նախագահին միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ Փետրուար 4-ի քառակողմ տեսաժողովին արդիւնքներուն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման վերաբերեալ:

Կարեւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան ու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի ապահովումը` հաշուի առնելով հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ ատրպէյճանական կողմէ հնչեցուող սպառնալից յայտարարութիւններն ու արդէն իսկ հայկական շարք մը կոթողներու ոչնչացման ուղղութեամբ իրականացուած քայլերը:

Ընդգծուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ խաղաղ գործընթացի լիարժէք գործարկման եւ համանախագահներու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment