Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Օրակարգին Մէջ Միութենական Պետութեան Հարց Չկայ․ ԱԽ Քարտուղար

Հայաստանի Օրակարգին Մէջ Միութենական Պետութեան Հարց Չկայ․ ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

Հայաստանի օրակարգին մէջ Միութենական Պետութեան միանալու հարց չկայ, ըսաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը` լրագրողներուն խնդրանքով անդրադառնալով Պելառուսիոյ նախագահին աղմկայարոյց յայտարարութեան:

«Եթէ նման հարց չկայ, իմ դիրքորոշումը այն է, որ Հայաստանը ինքնիշխան պետութիւն է, ժողովրդավար պետութիւն է եւ պէտք է շարունակի մնալ այդպիսին», ըսաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը` յոյս յայտնելով, որ Մինսքը կը խուսափի նման միջադէպերէ եւ Հայաստանի վերաբերեալ գնահատականներէ:

«Այդ գնահատականները որեւիցէ ձեւ չեն բխում Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններից», ըսաւ Գրիգորեան:

Յիշեցնենք, որ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն յայտնի լրագրող Վլատիմիր Սոլովյովին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ յառաջիկայ 15 տարիներուն Մոսկուայի ու Մինսքի նախաձեռնած Միութենական Պետութեան կազմին մէջ պիտի ընդգրկուի նախկին ԽՍՀՄ հանրապետութիւններուն մեծ մասը, նշելով նաեւ Հայաստանի անունը: «Հայաստանը փախչելու տեղ չունի», ըսած է Լուքաշենքօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment